Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 9 վարժարաններէ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, 56 աշակերտ-աշակերտուհիներու: