Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ

Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Միսաք Թերզեանի «Յաւերժական երազ» ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ թէ օտար արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Ցուցահանդէսը կը վայելէր «Այ. Պի. Էլ.» դրամատան տնօրէն Սալիմ Հապիպի հովանաւորութիւնը: