
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն, նուիրուած մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 20 Մարտ 2019-ին, աւելի քան 65 հոգիի մրցանիշ կտրող ներկայութեամբ։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Յակոբ Գազանճեանը, որ ներկայացուց Թումանեանի կենսագրութիւնն ու անոր գործերը։ Թումանեանի գրականութեան եւ անոր մարդկային ու հայրենասիրական բեղուն գործունէութեան մասին գեղեցիկ վերլուծութիւն մը ներկայացուց հմուտ մտաւորական Ասատուր Տէվլեթեանը։ Յարութ Թահմազեան՝ Թումանեանի առօրեայ կեանքէն զուարճալի դրուագներ պատմեց, իսկ Արթօ Դաւիթեան ընթերցեց Յակոբ Գազանճեանի հեղինակած՝ Թումանեանի մասին մտորումներ պարունակող գեղեցիկ գրութիւն մը։
Երեկոյի անակնկալը սակայն, Համազգայինի նորաստեղծ «Հեքիաթ» մանկա-պատանեկան թատերախումբն էր, որ բեմադրիչ Յարութ Թահմազեանի ղեկավարութեան տակ, խանդավառութեամբ ու գովելի համարձակութեամբ ներկայացուց Թումանեանի հեքիաթներէն երեք կտոր, խլելով ներկաներուն խանդավառ ծափերը։ Արդարեւ, այս գեղեցիկ ծրագրի իրականացման համար մեր փոքրիկ դերակատարները՝ Փաօլա, Մարիամ, Նաթալի, Ֆապիօ, Էտկար, Արի, Անտրէ, Նորայր եւ իրենց ծնողները արժանի են ամէն գնահատանքի։ Վստահ ենք, որ «Հեքիաթ» թատերախումբի անդամները պիտի բազմանան ու նորանոր անակնկալներ հրամցնեն մեր ժողովուրդին։