
Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2019-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի՝ 2018-19 տարեշրջանի վերջին ձեռնարկը՝ Մշակութային Երեկոյ նուիրուած երգիծագիրներ Յակոբ Պարոնեանի, Երուանդ Օտեանի եւ Լեռ Կամսարի։
Ներկայացնելով օրուան նիւթը, Արթօ Դաւիթեան նախ անդրադարձաւ երգիծական գրականութեան, որ կը դաստիարակէ մարդկութիւնը, հեգնելով ու ծիծաղի ենթարկելով անոր տկարութիւնները։
Ան ըսաւ, որ հայ գրականութիւնն ալ ունեցած է ակնառու երգիծագիրներ, որոնցմէ երեքին՝ Յակոբ Պարոնեանի, Երուանդ Օտեանի եւ Լեռ Կամսարի կեանքին ու գրականութեան մասին տուաւ համառօտ տեղեկութիւններ նշելով, որ երեքն ալ ապրած են կեանքի շատ դժուար պայմաններու մէջ սակայն կրցած են երգիծանքով ու զուարճախօսութեամբ քննադատել իրենց շրջապատի յոռի երեւոյթներն ու կրած անխուսափելի հետեւանքները։
Ապա, Օտեանէն ու Կամսարէն կարդացուեցան որոշ էջեր, իսկ նորակազմ «Հեքիաթ» պատանեկան թատերախումբի անդամները, Յարութ Թահմազեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուցին Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» գործէն պատկերներ, արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Երեկոն ըստ սովորականին վերջ գտաւ գինիով ու թեթեւ ուտելիքներու հիւրասիրութեամբ։