
Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Օշական» Մասնաճիւղի նոր տարեշրջանի Ա. Մշակութային Երեկոն, արուեստասէրներու խանդավառ ներկայութեամբ:
Վարչութեան ատենադպիր Լորա Մկրտիչեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք սկսաւ երեկոյի գրական բաժինը՝ նուիրուած Մուշեղ Իշխանին: Սիրուած բանաստեղծի կեանքին ու գործին մասին հետաքրքրական զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Վիոլէթ Թաշճեան, կեդրոնանալով սիրով, բարութեամբ եւ մարդկային զգացումներով յորդող անոր քերթուածներուն ու մանաւանդ արձակ էջերուն վրայ: Մուշեղ Իշխանի գործերէն ընթերցումներ կատարեցին Անդրանիկ Խաչատուրեան, Լորա Մկրտիչեան, Յարութ Թահմազեան եւ Նայիրի Մուրատեան:
Երեկոյի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ գեղանկարիչ Թաթիանա Ֆերահեան, որ ներկայացուց վերջերս հրատարակուած իր «Urban Legends» ալպոմը, հետաքրքրական բացատրութիւններ տալով իւրաքանչիւր նկարի մասին: Արուեստագիտուհին տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ տեղական շրջանակներու մէջ ծաւալած իր աշխատանքներուն ու մասնակցած տեղական թէ միջազգային ցուցահանդէսներուն մասին:
Ներկաները գոհունակութեամբ ունկնդրեցին ներկայացումները ու սրահէն մեկնեցան հաճելի եւ դաստիարակիչ երեկոյ մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ: