
Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի մշակութային երեկոն՝ նուիրուած գրագէտ, գրաքննադատ, մտաւորական, հրապարակագիր Պօղոս Սնապեանին, ներկայութեամբ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Խորէն Արք․ Տողրամաճեանի, Տ․ Մաշտոց եւ Տ․ Մոմիկ քահանայ հայրերուն եւ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։
Երեկոյի բացումը կատարուեցաւ նոյնինքն Սնապեանի ընթերցած «Պարը» երկի ձայնագրութեան ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Նայիրի Մուրատեան ներկայացուց սիրուած գրողի եւ ուսուցիչի կեանքն ու գործը։
Ապա, ելոյթ ունեցաւ գրողի դուստրը՝ Համազգայինի Լիբանանի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան, լաւագոյնս բնութագրելով իր հօր՝ հայ գրականութեան նուիրեալ մարդու տեսակը եւ երկար տարիներու ունեցած վաստակը։
Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, մին՝ «Երկիր-մեդիա»ի հարցազրոյցը Պօղոս Սնապեանի հետ, միւսը՝ Այնճարի մէջ գրագէտի Տուն-Թանգարանի բացումին մասին։
Փակելով հանդիսութիւնը, վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան մի քանի անձնական յուշեր պատմեց, կապուած Պօղոս Սնապեանի Կիպրոս այցելութիւններէն դրուագներու։
Ներկաները երկարատեւ ծափերով գնահատեցին խօսողներու ելոյթները եւ յայտագրի փակումէն ետք շարունակեցին խանդավառ զրոյցներն ու տեսակէտներու փոխանակումը, բաժակ մը գինիի ընկերակցութեամբ։