
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական Մշակութային Երեկոն, նուիրուած պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանի յիշատակին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 6 Մայիս 2022-ին շուրջ 70 հոգիի ներկայութեամբ եւ 30 պարողներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Կաթ․ Փոխանորդ Խորէն Արքեպիսկոպոսը, Պետ․ Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը եւ յատկապէս Երեւանէն հրաւիրուած Տիկին Թաթիանա Յարութիւնեանը։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք սրտի խօսքերով հանդէս եկան ատենին Ֆելիքսը Կիպրոս հրաւիրած վարչութեան ատենապետ Ատուր Գարակիւլլէեանը, ատենադպիր Շուշիկ Պաքալեանը, անոր աշակերտներէն Ալիք Ճէպէճեանը։ Տեսագրութեամբ իր ուղերձը յղեց նաեւ Լիբանանէն Յակոբ Լատոյեանը, որուն յաջորդեց Ֆելիքս Յարութիւնեանի կեանքէն դրուագներու տեսերիզ մը, պատրաստուած՝ Գրիգոր Քէլէշեանի կողմէ։ Վերջին սրտի խօսք յղողը եղաւ Ֆելիքսի արժանաւոր աշակերտ եւ «Սիփան» պարախումբի պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանը, որ շեշտեց թէ Ֆելիքս Յարութիւնեանը իրեն համար եղած էր ոչ միայն պարուսոյց, այլ նաեւ՝ ուսուցիչ եւ հայր։
Յայտագիրը մէջընդմէջ ճոխացուցին Մարալ եւ Թամարա Պաղճեանները «Հայուհի» զուգապարով եւ Նանօր Տօներեան-Քէլէշեանը «Տարտս Տուի» մենապարով. անոնք իրենց հեզաճկուն կատարողութեամբ հմայեցին ներկաները, արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու։
Երեկոյի հիմնական անակնկալը սակայն Ֆելիքսին աշակերտած՝ «Սիփան»ի նախկին անդամներով կազմուած պարախումբն էր, որ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի զեկավարութեամբ հիասքանչ կերպով կատարեց «Սայաթ Նովա» պարը։ Նշելի է, որ երեք հոգի Անգլիայէն Կիպրոս ճամբորդած էին յատկապէս այս խումբին մաս կազմելու համար։
Յայտագիրը փակուեցաւ «Սիփան» պարախումբի ներկայացուցած ազգագրական պարերու խանդավառ շարանով, որմէ ետք ներկաները հիւրընկալուեցան «Գինի ու Պատառ»ով, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր։