
Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2019-ին, Համազագայինի հերթական մշակութային երեկոն էր, այս անգամ նուիրուած բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 105-ամեակին։
Բանալով երեկոն, վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան յայտնեց, թէ կը մօտենանք տարեշրջանի վերջաւորութեան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց ծրագրուած վերջին երկու ձեռնարկներուն մասին։
Մուշեղ Իշխանի կեանքին ու գործերուն մասին խօսեցաւ անոր շնորհալի աշակերտներէն Յասմիկ Լիպարիտեան-Գույումճեանը, որ բանաստեղծին հակիրճ կենսագրութիւնը ներկայացնելէ ետք թուեց անոր գործերն ու աշխատանքները, վերջաւորութեան յիշելով նաեւ բարի ու ազնիւ ուսուցիչէն՝ դասարանին մէջ պատահած դրուագներ։
Ապա արուեստագէտ, գրող եւ «Նարեկ» վարժարանի նախկին տնօրէն Վարդան Թաշճեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Մուշեղ Իշխանի գրական վաստակին։ Ան մաս առ մաս անդրադարձաւ անոր բանաստեղծական, արձակ, թատերական ու մանկավարժական հատորներուն, ինչպէս նաեւ՝ անոր հրապարակագրական յօդուածներուն, որոնք միշտ ընթերցողը առաջնորդած են դէպի հայրենասիրական ու բարեսէր մտածումներու։
Երեկոյի գրական բաժինը փակուեցաւ մի քանի բանաստեղծութիւններու ընթերցումով։ Յարութ Թահմազեան կարդաց «Մեր Տունը» քերթուածը, Նայիրի Մուրատեան՝ Ռուտեարտ Քիփլինկի «Եթէ»ն, թարգմանուած Մ․ Իշխանի կողմէ, իսկ Արթօ Դաւիթեան՝ «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն»ը։
Յայտագրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ կիպրահայ շնորհալի երգչուհի Մարիա Մոսկոֆեան, որ իր անուշ ձայնով մեկնաբանեց «Բարի Արագիլ», «Չքնաղ Երազ», «Հեռացիր՝ Մոռացիր» եւ «Լա Պոհէմ» երգերը, արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Ինչպէս միշտ, երեկոն վերջ գտաւ բաժակ մը գինիի ջուրջ հաճելի ժամանցով ու զրոյցով։