
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուշեղ Իշխանի մահուան 20-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ մշակութասէրներու։
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաները լսեցին Մուշեղ Իշխանի ձայնագրուած խօսքերէն հատուած մը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Անի Էքմեքճեան-Պիլալեան, որ նշեց, թէ Մուշեղ Իշխան հանդիսացաւ սերունդի մը ներկայացուցիչներէն մէկը, որ յետեղեռնեան հայ իրականութեան մէջ ունեցաւ իր վճիտ դերն ու անժամանցելի թելադրականութիւնը, որով յատկանշուեցան իր իսկ մտքին ու հոգիին արգասիք եղող գրական ստեղծագործութիւնները։
Անի Էքմեքճեան-Պիլալեան շեշտեց, որ Մուշեղ Իշխան խորապէս զգաց եւ լոյսին բերաւ հաւաքական մեր կեանքին դառնութիւնները, չվարանեցաւ ամէն քայլափոխի վերյիշեցնելու անցեալի մեր փառքերն ու նուաճումները եւ ուժգնօրէն հաւատաց իր ազգին ստեղծարար զօրութեան՝ մնալով անոր հաւատաւոր ծառան։
Օրուան առաջին բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ ներկայացուց «Մուշեղ Իշխան՝ մարդը եւ կրթական մշակը» նիւթը։ Իշխանի ծնունդն ու մանկութիւնը ներկայացնելով՝ Ճինպաշեան ըսաւ, որ Իշխան Յակոբ Օշականին երկու տարի աշակերտ հանդիսանալէ ետք, Պէյրութի հայ ճեմարանի առաջին աշակերտներէն ըլլալով 1935-ին կը դառնայ առաջին շրջանաւարտներէն մէկը։
Ճինպաշեան նշեց, որ 1940-էն մինչեւ 1988 Իշխան անընդմէջ նուիրուած է ուսուցչութեան եւ փոխ տնօրէնի պաշտօնին՝ ներողամտութեամբ եւ բարութեամբ կատարելով իր աշխատանքները։ Ան ըսաւ, որ Իշխան իրաւ մտաւորականի համեստութիւնը դրօշ դարձուցած է, շօշափած է համամարդկային եւ ազգային ամէնէն բարդ կնճիռները եւ զանոնք մատուցած պարզ ու վճիտ հայերէնով մը։ Ճինպաշեան աւելցուց, որ ամէնէն բարդ երեւոյթները Իշխան կը ներկայացնէր պարզ ու հասկնալի ոճով մը, որ յատուկ է քննուած երեւոյթներուն խորապէս տիրապետող գրիչներուն միայն։
Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ Մուշեղ Իշխան իր կեանքին ողբերգականութիւնը վարագուրեց արտաքնապէս, սակայն մեր հաւաքական կեանքին ամէնէն ցաւոտ մէկ շրջանին վկան եղաւ իր հաւատաւոր մարդու կեցուածքով, իր հրապարագրութեամբ, իր հասարակական գործունէութեամբ, իր մանկավարժութեամբ ու դպրոցավարական սկզբունքներու կիրարկումով, եւ յատկապէս՝ իր գրականութեամբ, զոր կառուցեց իբրեւ հանդիսավայրը կորսուած երազներու, տունի, հողի, լեռներու եւ գետերու, հայրենիքի եւ ազատ ծածանող դրօշի, ազատութեան եւ անկախութեան։
Արթիւր Մեսճեանի կատարողութեամբ Իշխանի բանաստեղծութիւններէն մէկուն երգին տեսահոլովակը դիտելէ ետք, Սիլվա Քիւրքճեան ընթերցեց Իշխանի «Մնաս բարով մանկութիւն» հատորէն հատուած մը։
Ապա ներկաները դիտեցին Մուշեղ Իշխանին մասին վկայութիւններու տեսերիզ մը, որուն մէջ իրենց յուշերն ու մտածումները պատմած են Պօղոս Սնապեան, Ալիս Գազանճեան, Յակոբ Եափուճեան, Շահանդուխտ եւ Շահան Գանտահարեան։
Յիշատակի հանդիսութեան երկրորդ բանախօսն էր Սարգիս Կիրակոսեան, որ «Մուշեղ Իշխան՝ գրագէտը» նիւթին շուրջ խօսեցաւ։ Ան ըսաւ, որ գրեթէ ութ տասնամեակներ առաջ, երիտասարդ բանաստեղծ Իշխանը մուտք գործեց արեւմտահայ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ՝ դառնալու համար արժանաւորագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը իր սերունդին եւ հայ գրականութեան։
Կիրակոսեան շեշտեց, որ Իշխան միշտ գրեց կուռ, կտրիճ, դիւրահասկնալի ու սրտաբուխ այն ջերմ լեզուով, որ ժողովուրդին սրտին լարերը յուզեց, խօսեցաւ ժողովուրդին հետ՝ անոր լեզուով եւ արժանացաւ համընդհանուր ժողովրդականութեան։
Իր խօսքին աւարտին Սարգիս Կիրակոսեան ըսաւ, որ Մուշեղ Իշխան բանաստեղծը, արձակագիրը, յուշագիրը, թատերագիրը եւ նոյնիսկ յօդուածագիրն ու հրապարակագիրը, մեզ կը հրաւիրէ նոր ժամադրութիւններու, իրենց հոգին եւ յոյզերը բաց հրաւէրներու լոյսերով ու ոսկի գանձերով կամարազարդած ընտիրներուն, որոնց ամէնէն համեստ իշխանը եղաւ։
Ցոլեր Շխրտըմեան-Մանիսաճեան ասմունքեց Իշխանի «Ես Մասիսը չտեսայ» բանաստեղծութիւնը։ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը փակուեցաւ Արթիւր Մեսճեանի կատարողութեամբ Իշխանի բանաստեղծութիւններէն այլ երգի մը տեսահոլովակին ցուցադրութեամբ։