Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Շաբաթ, 17 Սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Համազգայինի Այնճարի «Պ.Սեւակ» մասնաճիւղի եւ «Anjar Art Gallery»-ի գործակցութեամբ ու կազմակերպութեամբ, Այնճարի «Դալար Անկիւն» հանրային տարածքին վրայ տեղի ունեցաւ մտայղացքային արուեստի (conceptual art) ներկայացում, որուն կը մասնակցէին արուեստագէտներ` Նանոր Հաճեան, Կարինէ Շաննագեան, Կարպիս Քէնտիրճեան եւ Գօգօ Կարապետ Սագայեան։
Վրձինով, ներկով ու պաստառով եւ զանազան միջոցներով ու «լեզուներով» արուեստագէտները ներկաներուն փոխանցեցին իրենց ըսելիքը, որուն մէջ կար կեանքի փիլիսոփայութիւն, լաւն ու վատը, արուեստն ու մեր ազգին ցաւը։