
Ընդունուած ձեւ է, որ ընդհանուրին նայելով կարծիք կազմենք կամ վճիռ արձակենք այս կամ այն երեւոյթին մասին. օրինակ՝ մեր երիտասարդները հայ գրականութեան մօտ չեն. Գանատայի պէս տեղ մը հասակ առած պատանիէն կամ երիտասարդէն ի՞նչ կը սպասենք։ Սակայն, երբեմն Գանատա ծնած պատանիներու, երիտասարդներու կը հանդիպինք, որոնք կը սպառնան յեղաշրջել մեր արձակած վճիռը՝ հայ լեզուին հանդէպ ցուցաբերած իրենց օրինակելի կեցուածքով։ Այսպիսին են Արեն Մնացականեանն ու Տարօն Հալաճեանը՝ երկու պատանիներ, որոնց մէջ բոյն դրած է հայ լեզուի, հայ գրականութեան հանդէպ անսահման սէր։
Հոկտեմբերին էր, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի ժողովին, երբ պատանի անդամ՝ Արեն Մնացականեան ներկայացուց իր ընկերը՝ Տարօն Հալաճեան. Տարօն փափաք յայտնած էր մաս կազմել յանձնախումբին։ Տակաւին աթոռին չէր նստած, երբ հարց տուինք Տարօնին, թէ արդեօք կը փափաքի՞ Գրասէրներու Խմբակի յաջորդ հաւաքին գրական դէմք մը ներկայացնել. անմիջապէս «այո» ըսաւ։ Ո՞ր դէմքը – չհարցուցած՝ «Պարոյր Սեւակ»ը թռաւ բերնէն։
Կիրակի, 17 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանը «մինչեւ բերան» լեցուն էր գրասէր հասարակութեամբ։. Գրասէրներու Խմբակի ԺԸ հաւաքն է։ «Ես օգնեցի բոլորին, ես ինձ միայն չօգնեցի...». այնքան հարազատ՝ Պարոյր Սեւակի ձայնը գրաւած է բոլորս.... ։ Գրական յանձնախումբի ու Գրասէրներու Խմբակի անդամ՝ Մեղեդի Մնացականեանի «բարի գալուստ»էն յետոյ, Արեն Մնացականեան կը ներկայացնէ իր սիրելի ընկերը՝ Տարօն Պարոյր Հալաճեան։
Տարօն ծնած է Թորոնթօ, 24 Մայիս 1996-ին։ Աւարտական կարգի աշակերտ է St. Michael’s College School-ի մէջ։ Հայեցի ուսում ստացած է Սուրբ Սահակ Սուրբ Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ։ Գործունեայ անդամ է ՀՅԴ ԳԵՄ-ի, կ՚աշխատակցի Արծիւ պարբերաթերթին, ՀՄԸՄ-ի մաս կը կազմէ եւ վերջերս միացաւ Համազգայինի ընտանիքին։ Տարօն 2011-ին կիսա-սարկաւագ ձեռնադրուեցած է Գերշհ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի ձեռամբ։ Հայաստան այցելած է երեք անգամ. առաջինը՝ Սուրբ Սահակ Սուրբ Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանի առաջնորդութեամբ։ Ան կը սիրէ գրականութիւնը եւ ունի բազմաթիւ հայ եւ այլ ազգի պատկանող նախասիրած գրողներու ցանկ մը, որուն մէջ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ Արարատեան շրջանի Չանախչի գիւղի (այժմ՝ Զանգակատուն) ծնունդ՝ մեծանուն բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւակ (1924-1971)։ Ինչո՞ւ. – նախ միջանունս Պարոյր է, կ՚ըսէ Տարօն համեստ ժպիտով մը. յետոյ կ՚աւելցնէ՝ շատ խորունկ բանաստեղծ է եւ մարդկային ամէնէն պարզ զգացումներուն, մտածումներուն մասին բանաստեղծութիւններ գրած է։
Տարօն կը սկսի իր ներկայացումը, հակիրճ ներածականով մը Պարոյր Սեւակի կեանքին, նուաճումներուն, ու առեղծուածային, վաղաժամ մահուան մասին, երբ ինքնաշարժի արկածի մը զոհ կ՚երթան ինքն ու կինը։. Յետոյ, Տարօն յստակ առոգանութեամբ եւ ապրումով լեցուն՝ ներկաները կը փոխադրէ դէպի Սեւակի թաւշէ դեղձն ու փրփուր հացը...արդարութեան ահեղ ատեանը... ..միշտ հին ու նոր՝ «Հայաստան»ը։ Վրայ կը հասնի այնքան սիրելի՝ «Մօր ձեռքերը» ու յետոյ՝ իր պարզութեան մէջ հարազատ՝ «Անկեղծ Ասած»ն ու հայրենաշունչ՝ «Եռաձայն պատարագ»էն հատուածներ....։ «Հսկայ աշխարհ է Պարոյր Սեւակ. կրնամ գոնէ երկու օր լման իր մասին խօսիլ»,- կ՚ըսէ պատանի Տարօն։ Տպաւորուած է այնքան խորհրդաւոր «Որդուս»ով եւ անշուշտ՝ մեծն Կոմիտասի մասին գրուած գլուխ-գործոցով՝ «Անլռելի Զարգակատուն»ով։ Տարօն իր ներկայացումը մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստած է. եւս առաւել՝ գնահատելի է իր տպաւորիչ մատուցումը։ Պաստառի վրայ կը դիտենք լուսանկարներու շարք մը, որ մաս կը կազմէ ներկայացումին։ Կը լսենք Պարոյր Սեւակի մասին գրուած վկայութիւններու շարք մը ու վերջապէս, Տարօն մէկ կողմ կը դնէ թղթածրարը ու կ՚ասմունքէ «Ապրե՜լ»ը, սահուն, անգիր, անսայթաք։ Յուզիչ է երեւոյթը. ծափահարութիւններու տարափը դադրելէ յետոյ, հարցումներու բաժինը ծայր կ՚առնէ։ Թէ ինչպէ՞ս Պարոյր Ղազարեանը դարձաւ Պարոյր Սեւակ. Տարօն կը բացատրէ թէ Եղեռնի նահատակ գրողներէն՝ Ռուբէն Սեւակի յիշատակը անմար պահելու միտումով է, որ խմբագիրը «Սեւակ» գրչանունը կ՚առաջարկէ իրեն...: Աւարտին, Գրական յանձնախումբի կողմէ, Մեղեդի Մնացականեան գիրք մը կը նուիրէ Տարօնին։ Ներկաները բարձր կը գնահատեն Տարօնի տարած աշխատանքը. կը շնորհաւորեն զինք, ծնողքը եւ ուսուցիչ՝ Անդրանիկ Չիլինկիրեանը։
Օրեր չէ, ամիսներ, տարիներ կարելի է սերտել, պեղել, վերլուծել, հիանալ ու տակաւին չյագենալ Սեւակով...իր «Եղիցի Լոյս»ով, «Մարդը ափին մէջ» հատորով... «Անլռելի զարգակատուն»ով....։ Հոն կայ խորք, իմաստութիւն, փիլիսոփայութիւն, ճշմարտութիւն, մայդկայնօրէն ու հայօրէն բաբախող սիրտ։ Տարօն կը խոստանայ Հայաստան իր յաջորդ այցին, անպայմանօրէն երթալ Զանգակատուն, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը, ուր խնձորի ու ծիրանի ծառերով շրջապատուած, իր մշակած ծառի սաղարթներուն ներքոյ կը հանգչի մեր մեծ հանճարը։
Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան