
Ուրբաթ, 18 Ապրիլին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց ֆրանսերէնի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին նախապատմութեան թանգարան, ուր կը ցուցադրուին Լիբանանի տարածքին կատարուած պեղումներու արդիւնքները: Անոնք դիտեցին քարէ դարի շրջանի մարդը ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէն մը, ուր տեսան նաեւ այդ դարաշրջանին օգտագործուող գործիքները եւ ծանօթացան անոնց պատրաստութեան ձեւին: