
Կազմակերպութեամբ «Բագինե գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագինեի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Բագինե հանդէսի խմբագիր, արձակագիր, հրապարակագիր Յակոբ Պալեանի «Անանուններու կեանքի շերտըե վիպական գործին ներկայացումը եւ հատորէն հատուածներու ընթերցումը՝ ներկայութեամբ լիբանանահայ մտաւորականներու եւ գրասէրներու: Վիպակը ներկայացուց Արամ Սեփեթճեան:
Հաւաքին «Բագինե գրական հանդէսին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սեդա Գրիգորեան, որմէ ետք խօսք առաւ Արամ Սեփեթճեան: Ան յայտնեց, որ Պալեանի «Անանուններու կեանքի շերտըե վիպական գործը առաւելաբար կը պատկանի ֆրանսահայ գրականութեան, քանի որ այդ ստեղծագործութիւնը գրուած է Ֆրանսայի մէջ:
Սեփեթճեան յայտնեց, որ գործը 200 էջ ունի, որ կը ներկայացնէ փարիզահայ ուսուցիչի մը կեանքը: Արամ Սեփեթճեան նշեց, որ Յ. Պալեան գրած է իր սրտին շատ խօսուն վիպակ մը, որուն մէջ հաւանաբար ինքն ալ իր բաժինը ունի:
Զեկուցաբերը յայտնեց, որ Պալեան ստեղծած է շատ լաւ պատկերներ եւ ան ունի վճիտ լեզու: Սեփեթճեան նաեւ ըսաւ, որ հեղինակը գործին մէջ ստեղծած է հոգեվիճակներ, որոնք քննութեան առարկայ կը դարձնեն բազմաթիւ խնդիրներ:
Ան աւելցուց, որ գործը վիպակ ըլլալով բազմաթիւ գաղափարներ կþարծարծէ, ինչպէս գիրքին մէջ հեղինակը կը նշէ, թէ ահաբեկչութիւնը իրաւազրկուածներու զինուորական գործողութիւնն է: Արամ Սեփեթճեան հաստատեց, որ Յակոբ Պալեանի «Անանուններու կեանքի շերտըե վիպակը ժամանակի գիրքն է, որ երիտասարդութեան կողմէ պէտք է կարդացուի:
Ապա ներկաները հարցումներով Սեփեթճեանէն ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ ու արտայայտեցին իրենց տեսակէտները: Հանդիպումին ներկաները նաեւ վիպակէն հատուածներ կարդացին: