
Մանկավարժ-Հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագրին գործադրութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը 2013-2014 տարեշրջանին համար կը շարունակէ դիմումնագիրներ ընդունիլ Սփիւռքի ամբողջ տարածքէն:
Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (Education & Teaching diploma) դասընթացքներուն ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայական (BA), որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մասնագիտանալով Հայերէնագիտական մարզի մէջ: Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Դիմումնագիրները Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կապ հաստատել Համազգայինի Կեդրոնական գրասենեակ (Պէյրութ), նոյն ե-նամակի հասցէով կամ հեռաձայնել 00961-4-715684 թիւին եւ կամ դիմատետրի (FB) Hamazkayin Central հասցէին։