
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան Հինգշաբթի, 22 Ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած «Յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին՝ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ մեծ թիւով հիւրեր ու արուեստասէրներ:
Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Լոլա Պէօյիւքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք ցուցադրուած գործերուն ընդմէջէն իրենց պոռթկումն ու ընդվզումը կþարտայայտեն Ցեղասպանութեան եւ անոր մերժումին դէմ:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ ընդունեց այս ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը: Խօսելով այս նախաձեռնութեան կարեւորութեան մասին՝ Յ. Հաւաթեան նշեց, որ այս ցուցահանդէսը կը յատկանշուի այն իրողութեամբ, որ մենք կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակի սեմին՝ նկատի ունենալով, որ այս տարի անկիւնադարձային տարի մըն է: Ինչ կը վերաբերի ցուցադրուած գործերուն եւ արուեստագէտներուն, Յ. Հաւաթեան ընդգծեց, որ տեղացի արուեստագէտներուն մասնակցութիւնը յաւելեալ դրոշմ պիտի ձգէ յառաջիկայ հանգրուաններուն ընթացքին:
Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան այս առիթով փոխանցեց վեհափառին գնահատանքն ու շնորհաւորանքը, ինչպէս նաեւ քաջալերանքը այս նախաձեռնութեան:
Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով այս ցուցահանդէսը՝ մասնակցութեամբ հայ եւ ոչ հայ արուեստագէտներու, ցուցանիշ է Հայ դատի համամարդկային էութեան եւ անոր միջազգային տարողութեան:
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը արտայայտութիւնն է մարդկային հոգեկան տագնապներու եւ մտորումներու, որոնք բողոք են աշխարհի վրայ մարդկային անարդարութեան դէմ, եւ այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է արուեստագէտներուն ու ներկաներուն՝ բաժնեկցելու հայ ժողովուրդին ցաւը, միեւնոյն ժամանակ աջակցութիւն է եւ զօրակցութիւն հայ ժողովուրդի արդար դատին:
«Յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն» ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած են հետեւեալ արուեստագէտները՝ Հասան Ժունի, Կիւվտեր, Ժամիլ Մուլաէպ, Գրիգոր Նորիկեան, Մարուն Հաքիմ, Յարութիւն Թորոսեան, Շարլ Խուրի, Զաւէն Խտըշեան, Ռաուֆ Ռիֆայի, Զոհրապ, Ղասսան Ղազալ, Մկրտիչ Մազմանեան, Իսա Հալլում, Միսաք Թերզեան, Շարպել Սամուէլ Աուն, Ժաքլին Օհանեան, Մոհամետ Ապտալլա, Էմանուէլ Կիրակոսեան, Զէյնա Պատրան, Սարգիս Թուլուճեան, Կրեթթա Նաուֆալ, Կիւլեն Տէր Պօղոսեան, Ժան Մարք Նահհաս, Արա Ազատ, Փոլ Ուաքիմ, Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, Թանիա Պաքալ Սէյֆէտտին, Ռազմիկ Պերթիզեան եւ Մունա Ժապպուր:
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 3 Մայիս 2010: