
Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի 21 Յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յիշենք Եթովպահայերը» խորագրով զրոյց-հանդիպում մը, «In The Shadow of The Sultan» գիրքի հեղինակ՝ Ռուպինա Սվաճեանի հետ, յատկապէս հրաւիրուած Լոնտոնէն։ Ներկայ էին 60 գրասէրներ, մեծ մասամբ եթովպահայեր։
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ ԱնահիտՊալեան, ու նշեց թէ Հայոց Պատմութեան էջերուն մէջ, կարդացած ենք թէ ինչպէս տարբեր ժամանակներու, դէպի Հայաստան արշաւող զանազան ժողովուրդներ, տեսնելով հայու ստեղծագործ ոգին, պայծառ միտքն ու աշխատասիրութիւնը, ուզած են հայութիւնը բռնի ուժով տեղահանել իրենց հայրենիքէն, օտար ափեր շէնցնելու նպատակով: Կարդացած ենք նաեւ թէ ինչպէս օսմանեան տիրապետութեան ընթացքին, 1915ի ջարդերէն մազապուրծ ազատած հայեր, երբ գաղթած են հայրենիքէն, իրենց ճակտի քրտինքով աշխատած՝ ծաղկեցուցած ու շէնցուցած են հիւրընկալ բոլոր երկիրները: Բայց հետաքրքրական էր իմանալ թէ հայեր ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հասած են մինչեւ Եթովպիա. եւ ինչպիսի՞ ներդրում ունեցած են հոն: Այս բոլոր հարցումներուն պատասխանները ունեցանք երբ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն՝ Նոյեմի Լախոյեան ընթերցեց Ռուպինա Սվաճեանի ամփոփ կենսագրականը, ապա հրաւիրեց զինք բեմ:
Հեղինակը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ինչպէս հայեր շատ հին ժամանակներէն առեւտուրի մէջ եղած են Եթովպիոյ հետ, եւ հո՛ն հաստատուած են կառուցելով դպրոց, եկեղեցի, ակումբներ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերած եներկրի զարգացման՝ զանազան մարզերէ ներս : Շատ հետաքրքրական էր իմանալ, թէ ինչպէս 1916-ին Հայլէ Սէլասիէ (որ աւելի ուշ դարձաւ Եթովպիոյ կայսրը), իր Երուսաղէմ այցելութեան ընթացքին, հիացած է երբ լսած է ջարդէն ազատած 40 որբերու փողերախումբը. եւ խնդրած է Եղիշէ Արք. Դուրեանէն որ զանոնք տանի Եթովպիա: Նոյն այս փողերախումբի խմբավար՝ Գէորգ Նալպանտեանն էր, որ յօրինած էր Եթովպիոյ ազգային քայլերգը: Անդրադառնալով այլ բնագաւառներու մասին, տիկին Սվաճեան նշեց թէ հայ վաճառականներ իրենց կարեւոր ներդրումը բերած են երկրի տնտեսական կեանքէն ներս, իսկ հայ արհեստագործներն ու արուեստագէտները, ինչպէս՝ ոսկերիչներ, երկաթագործներ եւ նկարիչներ իրենց հետքերը ձգած են Եթովպիոյ բարձր խաւին վրայ, գործակցելով օրուան թագաւորներուն հետ: Եթովպիաբնակ հայեր եղած են նաեւ դեղագործներ, ճարտարապետներ, երաժիշտներ, բարձրաստիճան զինուորականներ եւայլն: Իրենց կատարած իրագործումներուն դիմաց, շատեր պարգեւատրուած են Եթովպիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արժանանալով անոնց բարձր գնահատանքին:
Ձեռնարկի աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու, ապա տիկին Սվաճեան մակագրեց վաճառուած գիրքերը:
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն