
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ մեծանուն խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի ծննդեան 90-րդ տարեդարձին առիթով։ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իրաւամբ «Ազգային հերոս»ի պատիւին արժանացած վաստակաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան այդ օր արժանաւոր կերպով ի պատուի էր։
Օրուան հանդիսավարն էր Շրջանային վարչութեան անդամ Քնար Գորթոշեան, որ փոխանցեց Շրջանային վարչութեան խօսքը, որուն մէջ ան ըսաւ. «Փրոֆ. Չէքիճեան հայ երգի ու երաժշտութեան երախտաւոր մըն է, որ տասնամեակներ շարունակ, Պոլիսէն մինչեւ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, աւելի քան 60 տարի իր տաղանդն ու վաստակը ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդին, եւ երաժշտութեան։ Իր չԷՔիճեանական մշակումով ու կատարողական բարձր վարպետութեամբ՝ մեծանուն երաժիշտներու յօրինումները, մասնաւորաբար կոմիտասեանը, արձանագրած են թռիչքներ ու նուաճած են բարձունքներ»։ Ապա, մէջբերելով Պ. Սեւակի հետեւեալ խօսքը. «Պիտի գար Յովհաննէսը՝ իր հոգեւոր ուժը հայրենիքից առնելու, նրանով զօրացնելու աստուածաշնորհ իր տաղանդը. պիտի գար կախարդական փայտիկի տիրակալը, որպէսզի էջ առ էջ թերթեր Կոմիտասի երգարանը. պիտի որ գար Չէքիճեանը ում հոգեւոր պարտքը Կոմիտասն է»,- ան շնորհաւորեց յոբելեարը, նշելով նաեւ, որ այս ձեռնարկին նախածրագրումը սկսած էր Համազգայինի 90-րդ ամեակին նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, որովհետեւ Համազգայինը իբրեւ մշակութանուէր առաքելութեան տէր կազմակերպութիւն անտարբեր չէր կրնար մնալ «Չէքիճեան»ի վաստակին։
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ թենոր Սուրէն Մկրտչեան, մեծարեալին նուիրուած իտալերէն եւ Կոմիտասէն 2 երգով, դաշնակի ընկերակցութեամբ։