
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 24-րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի 26 Սեպտեմբեր 2021-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու, Ատիկէի եւ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղերու եւ պարի միաւորի կողմէ ընտրուած ու լիազօրուած պատգամաւորներու։ Ժողովին ներկայ եղան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը եւ «Ազատ Օր»ը։ Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանը եւ պարուսոյց ընկ. Էտկար Էկեանը։ Հրաւիրեալներու թիւը այս տարի պահուած էր խիստ սահմանափակ, թագավարակի պարտադրած պայմաններուն պատշաճեցնելով ժողովը, իսկ Թեսաղոնիկէի պատգամաւորներու մասնակցութիւնը կը կատարուէր առցանց։
Ժողովականներուն համար պատրաստուած էր յատուկ թղթածրար, որ կը ներառէր նստաշրջանի տեղեկագիրը, Ներկայացուցչական Ժողովի օրակարգը եւ աշխատանքի ժամանակացոյցը: