
Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները ներկայացնող միացեալ պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն եւ տեսակցեցաւ դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Վարդանեանի հետ:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Երեւան - Անգարա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած մտահոգիչ բաժիններուն վրայ: Հանդիպման աւարտին միացեալ պատուիրակութիւնը դեսպանութեան խորհրդականին յանձնեց յուշագիր մը՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին:
Ստորեւ՝ յուշագիրին բովանդակութիւնը.
Վսեմաշուք
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ
Պրն. Սերժ Սարգսեան
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու նոր զարգացումներուն շրջագիծին մէջ, եւ ի մասնաւորի 31 Օգոստոս 2009-ի նախաստորագրուած Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու արձանագրութիւններուն վերաբերեալ լիբանանահայութիւնը խորապէս կþարտայայտէ իր ընդվզումն ու մտահոգութիւնները:
Հայութեան պահանջատիրութեան երթը այսօր կը վտանգուի, երբ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները բանալու նպատակադրումով, Հայաստանի իշխանութիւնները իրաւականօրէն կը ճանչնան Թուրքիոյ սահմանները: Այս քայլը, որ Կարսի համաձայնագիրի ոգին կը կրէ, նոյնինքն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը միջազգայնօրէն կþերաշխաւորէ:
Տակաւի°ն, պատմաբաններու յանձնախումբի կազմումը կþենթադրէ քննութեան առարկայ դարձնել Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ իրողութիւն մըն է, եւ որուն փաստարկումը նոյնինքն հարցականի տակ կþառնէ պատահածը, ինչ որ հաստատակամօրէն անընդունելի է: Այլ դիտակէտէ, արձանագրութիւններուն հետագայ զարգացումները Արցախի ինքնորոշումը եւ հողային ամբողջականութիւնը դիւանագիտական եւ միջազգային յարաբերութիւններու խաղարկումներուն զոհը կրնան դարձնել, ինչ որ իր կարգին մերժելի է:
Վերոնշեալ բոլոր հարցերը համայն հայութեան խնդիրներն են, որոնք կարիքը ունին հաւաքական քննարկումներու ու միակամ կեցուածքներու: Մենք բոլորս միասնաբար միայն կրնանք որոշել մեր ժողովուրդին ճակատագիրը: Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները հայ ժողովուրդի պատմութեան նոր հանգրուանին մէջ ունին ճակատագրորոշ դերակատարութիւն, որուն մէջ տեղական շահերը երկրորդական են ազգային շահերէն եւ իրերայաջորդ սերունդներու իրաւունքներէն:
Դիւանագիտական յարաբերութիւնները պէտք է ծառայեն ազգային շահերուն, եւ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու արձանագրութիւններու այսօրուան տարբերակը մեր համահայկական տեսլականին ու մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահպանման գործընթացին չի ծառայեր:
Վերջապէս, հայրենի իշխանութիւնները հարկ է անգամ մը եւս քննեն նախաստորագրուած արձանագրութիւնները՝ համահայկական դիտակէտով, հետապնդելու համար համայն հայութեան բարօրութիւնը, ապահովող շահերը, ժողովուրդին արդար իրաւունքներն ու անժամանցելի դատը եւ Հայաստանի ամբողջականութիւնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
25 Սեպտեմբեր, 2009
Պէյրութ, Լիբանան