
Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է դէպի նոր մտածողութիւն, դէպի նոր աշխարհաընկալում, դէպի կեանքի նոր եւ յաճախ իւրայատուկ փիլիսոփայութիւն: Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է, ուր կը բացուի մեր առջեւ կեանքը, մարդկութիւնը, աշխարհը նորովի տեսնելու, զայն ընկալելու եւ զգալու միջոցը: Մեր այսօրուան նիւթականացուած աշխարհի վրայ ապրող մարդը որքան բախտաւոր պիտի ըլլայ, երբ պիտի կարենայ ձերբազատիլ նիւթական չափանիշերու բարդոյթէն, գերմակերեսային արժէքներէն եւ բարձրանալ այնպիսի մակարդակի, երբ կարիքը զգայ գոնէ ամիսը մէկ անգամ կամ որոշ յաճախականութեամբ գիրք մը կարդալու, ծանօթանալու գրողի մը ներաշխարհին եւ իր կարդացածը փոխանցել ուրիշներուն, մասնաւորաբար երիտասարդութեան:
Կեանքը նկարագրել այնպէս ինչպէս որ է: Յարգանքի եւ երախտագիտութեան զգացումները շռայլել բոլոր անոնց, զսոր կը սիրէր ու կը յարգէր: Անսահման սէրը յայտնէր իր սիրելի ծննդավայրին, իր սիրելի Լիբանանին եւ մասնաւորաբար սիրելի Պուրճ Համուտին, ուր իր մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը ապրած էր: Խօսիլ թաղի նպարավաճառի մասին, անցնող ու եկող անցնորդներուն մասին, չմոռնալով ամէնէն յետին մանրամասնութիւնները: Եւ տակաւին…
Ահաւասիկ խօսքը մարդու մը մասին է, որ տակաւին քանի մը ամիսներ առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ եւ մեր սիրտերուն մէջ ցաւի ու ափսոսանքի ահաւոր թախիծի որպէս սպեղանի թողուց իր գործերը: Խօսքը մարդու մը մասին է, որ իր պարզ եւ անկաշկանդ բնաւորութեամբ սիրեց բոլորը ու սիրուեցաւ շատ շատերուն կողմէ: Անծանօթը իր հարազատ եւ հաղորդական բնաւորութեան պատճառով փնտռեց զինք ու դարձան ընկերներ: