
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ներկայութեամբ մեծարեալի այրիին` Աղաւնի Անանեանի, մշակութասէր հանրութեան եւ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին, Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հայրենի վաստակաշատ գրող եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նուիրուած յուշ երեկոն: