
Կազմակերպութեամբ Ատտիկէի «Սօս-Վանի» վարչութեան, մասնակցութեամբ տաղանդաւոր եւ ստեղծագործ երիտասարդներու եւ փոքրիկներու (բանաստեղծի տարեդարձէն երեք օր առաջ)՝ տեղի ունեցաւ Յ. Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած մշակութային երեկոն։ Յայտագիրը սկսաւ «Քաջ Նազար» մանկական թատերականով, որ ի սկզբանէ նախատեսուած՝ անակնկալ մըն էր վարչութեան կողմէ ներկաներուն։ Հռիփսիմէ Կարապետեանի պատրաստութեամբ՝ 10 երեխաներ կը մասնակցէին ներկայացման, որոնք բեմին վրայ փայլեցին իրենց տաղանդով՝ Արմէնուհի Ղազարեան, Գէորգ Ճինէճեան, Մելինէ Մալթոզեան, Ներսէս Չթէյեան, Արման Դաւթեան
Արթուր Դաւթեան, Սարգիս Զաֆիրուլիս, Կարէն Էքիզեան, Ռիտա Բաղդասարեան, Ագնէսա Եփրեմեան։
Խոստումնալից ապագայով փոքրիկ շնորհալիները նոր շունչ հաղորդեցին երեկոյին իրենց դերասանական խաղով, պարով եւ հմայքով՝ արժանանալով հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին, ծնողներու գորովալից, սիրով լի հայացքներուն։