
Ցեղասպանութեան դարադարձին Հրանդ Մարգարեանին կողմէ եղած ծառայութիւնն է այս նոր ծաղկաքաղը նուիրուած Եղեռնին զոհ գացած 13 գրողներուն։ Անգլերէն թարգմանութեամբ ծանօթացուցած պիտի ըլլայ հեղինակը նահատակ գրողները ոչ միայն անգլիախօս նորահաս սերունդին, այլեւ` գիրքը տարածելով հանրային գրադարաններու, համալսարաններու թէ դպրոցներու գրադարաններէն ներս` ամերիկացի ընթերցասէր ու գրասէր հասարակութեան։ Մանաւանդ այս օրերուն երբ այնքան պիտի խօսուի հանրային լրատուամիջոցներէն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, մինչ, դժբախտաբար, չենք կրցած այս գրադարաններէն ներս պէտք եղած ծրագրումով ներկայացնել մեր գրական արժէքները անգլերէն լեզուով։
Գնահատելի լուրջ մտաւոր աշխատանք մը կատարած կ'ըլլայ այսպիսով Հրանդը հայ գրականութեան միջազգայնացման գործին համար։ Նահատակ գրողներէն ան վերցուցած է Հրանդը (Մելքոն Կիւրճեան), Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան), Գրիգոր Զօհրապը, Սմբատ Բիւրատը (Տէր Ղազարեանց), Երուխանը (Երուանդ Սրմաքեշխանլեան), Արտաշէս Յարութիւնեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Ինտրան (Տիրան Չրաքեան), Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան), Գեղամ Բարսեղեանը, Դանիէլ Վարուժանը (Չուպուքեան), Տիգրան Չէօկիւրեանը եւ Ռուբէն Սեւակը (Չիլինկիրեան)։ Բոլորը 1915-ի նահատակներ, բացի Ինտրայէն` 1921-ի։
Յունուար 23, 2015, Եղեռնին նուիրուած առաջին միջոցառումն էր որ տեղի կ՚ունենար Քուինզի Հայ Տան մէջ, Համազգային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին եւ Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ։ Հանդիսավարն էր մանկավարժ ու տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան, իսկ բացման խօսքը կատարողը` Մեսրոպ քահանայ Լաքսեանը: