
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կաթողիկէ հայոց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթէրեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի խումբերուն, Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային արժանապատուութեան ասպետներուն յիշատակին «Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ներկայ ու նախկին պետական գործիչներ, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու տնօրէններ, արուեստագէտներ եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն:
Յայտագիրի սկզբնաւորութեան գեղարուեստական ոճով օրուան խորհուրդը ներկայացուց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան, որ ըսաւ. «Տարտղնուած ու սփռուած աշխարհով մէկ, մինչ մէկ կողմէն կը շարունակուի 1915-էն առաջ իսկ սկսած ցեղասպանութիւնը, մի՞թէ յուսալքումի, ազգային ինքնալքումի ու ինքնասպանութեան ճամբան բռներ ենք ազգովին: Իսկ դո՛ւն, դո՜ւն, դո՛ւն, ե՛ս, մե՛նք, բոլորո՜վ այդ ե՞րբ թուլցանք: Ապազգային այդ ո՞ր գաղափարախօսութիւնները կրցան խլացնել ազգային լսողութիւնը մեր, պատմական Հայաստանէն – Արցախ, իսկ հիմա ալ` ափ մը Եռաբլուր հայրենի՜ք…»:
Երկանեան նշեց, որ նշեալ ներկայացումին բեմին վրայ են ազգային մշակոյթի ու պատմութեան այդ ընտրեալ նուիրեալները, Համազգայինի տղաքն ու աղջիկները, որոնք պիտի ներկայացնեն հայոց «Նեմեսիս»-ը, այս օրերուն մանաւանդ մոլորակի չորս ծագերուն, ամէն տեղ ուր հայ կայ, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման զուգահեռ, կ՛ոգեւորուին ու կ՛ոգեպնդուին «Նեմեսիս»-ի սխրանքով: