
«Համազգային»-ի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, մերթ ընդ մերթ թատերական ներկայացումներով հանդէս եկած էր, սակայն չէր կրցած ունենալ թատերախումբ մը, որ հետեւողական ելոյթներ հրամցնէ գաղութին։
Վերջին փորձը` Ատրիանա Սեւան Նիքըլզի «Գիշեր Երզնկայի Վրայ» գործի ներկայացումը ներգրաւեց հանդիսատեսը։ Մասնաճիւղի 2018-ի ընդհանուր անդամական ժողովը որոշեց հետեւողական ելոյթներով եւ նոր բեմադրութիւններով հիմը դնել թատերախումբի մը:
Առ այդ վարչութիւնը կազմեց յատուկ յանձնախումբ։ Հրաւիրուեցաւ արհեստավարժ բեմադրիչ մը, որուն շուրջ հաւաքուեցան թատերական փորձառութիւն ունեցող խումբ մը նուիրեալներ։
Այսպէս կեանքի կոչուած է, մեծանուն թատերագիր Լեւոն Շանթի անունը կրող Նիւ Ճըրզիի «Համազգային»-ի թատերախումբը, որուն բեմադրիչն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Վարդան Գառնիկի Յովհաննիսեանը:
Անդրանիկ ելոյթին համար, ընտրուած են երկու կատակերգութիւններ։ Առաջինը` Գէորգ Յարութիւնեանի «Շրթներկ թիւ 4» գործն է, որ վաթսունականներուն, Երեւանի մէջ նկարահանուած է նաեւ իբրեւ ժապաւէն, իսկ երկրորդը՝ Պոլսոյ մէջ, 1880-ականներուն հրապարակուող «Լոյս» պարբերաթերթին մէջ տպուած, Յակոբ Պարոնեանի երգիծական յօդուածներով պատրաստուած «Վալսին վեցերորդ ոտքը…» գործն է, որուն մշակման հեղինակն է նոյնինքն բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանը:
Յառաջիկայ ամիսներուն, թատերախումբը արդէն իսկ ծրագրած է բեմ բարձրանալ նոր բեմադրութիւններով: Յոյսով ենք, որ նորաստեղծ «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը յաջողութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները եւ երիտասարդութեան մօտ ստեղծէ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն։
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութաին Միութեան Նիւ Ճըրզիի վարչութիւն