
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, Սփիւռքի տարածքին թէ Հայաստանի մէջ, 2008-էն 2009 տարեշրջանի ընթացքին, զանազան բնոյթի նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով կը նշէ իր հիմնադրման 80-ամեակը:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ծրագրով, ամենուրէք, ամբողջ տարուան մը ընթացքին տեղի ունեցան գեղարուեստական երեկոներ, հանդիսութիւններ, գիտաժողովներ, հրատարակութիւններ եւ փառատօներ, որոնց նպատակը ոչ միայն 80-ամեակը արժանապէս նշելն էր, այլ՝ անոնց ընդմէջէն մեր մարդոյժն ու կարողականութիւնները ճանչնալն ու չափելն էր, շրջապատի ու յառաջիկայ տարիներու նորանոր մարտահրաւէրներէն մեկնելով, խոչընդոտները վերացնելով նոր լուծումներ գտնելու , «ինքզինքը վերանորոգելու» հրամայականէն մղուած՝ նորագոյն սերունդը բեղուն աշխատանքի լծելն էր:
Համազգայինի 80-ամեայ յոբելեանին զուգահեռ Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղը իր 45-ամեայ գործունէութեան տարեդարձն ալ կը նշէր: Ամբողջ տարի մը, իւրաքանչիւր ձեռնարկ Համազգայինի 80-ամեակն ու «Սանահին» մասնաճիւղի 45-ամեակին նուիրուած էր. համերգ, դասախօսութիւն, գրական ձեռնարկներ, Անի Պարախումբի ելոյթ, մանկական թատրոն, ասմունք, մենաթատրոն, ցուցահանդէսներ, հայագիտական դասընթացք, եւ այս շարքին վերջինը՝ գալ Յունիս 7-ին՝ հայկական «Ճազ» երգերու համերգն է: Հարկ է յիշել, որ Անի պարախումբի «Սանահին» մասնաճիւղի 45-ամեակի եւ Համազգայինի 80-ամեակի առթիւ տրուած ելոյթը կը վայելէր Քեպէգ նահանգի Մշակոյթի նախարարուհի՝ տիկ. Քրիստին Սէն Փիէռի (Ministre de la culture, la condition feminine et des communautռs culturelles) բարոյական եւ նիւթական հովանաւորութիւնը:
Մոնթրէալի մէջ, տարուան մը վրայ երկարող այս ձեռնարկները իրենց լրումին հասան Մայիս 16-ի երեկոյեան, ցուցահանդէս Կալա-ճաշկերոյթին, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. տէր Խաժակ Ս. Արք. Յակոբեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, եւ Մեծայարգ Տիար Արման Յակոբեանի, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմատար: Օրուան պատգամախօսն էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան Ատեանի անդամ՝ տոքթ. Ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Յոբելենական այս տօնակատարութեան զոյգ համանախագահներն էին տոքթ. Եւ տիկ. Ժիրայր Պասմաճեանն ու Դատաւոր եւ տիկ. Շահէ Արսլանեանները, իսկ հովանաւորողները՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, տոքթ. եւ տիկ. Վաղարշ Էհրամճեան, Ընկ. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, տոքթ. Գէորգ Մանուկեան, տէր եւ տիկ. Կարօ Նահապետեան, Մեթր եւ տիկ. Վարդգէս Շամլեան, տոքթ. Եւ տիկ. Աբգար Փափազեան, տէր եւ տիկ. Լեւոն Քապաքեան, եւ բարեկամներ՝ Պրն. Պետրոս Ասլանեան, տէր եւ տիկ. Վրէժ-Արմէն Արթինեան, տէր եւ տիկ. Արմէն-Կարօ Կէօնճեան, տէր եւ տիկ. Վարուժան Ճօզիկեան, տէր եւ տիկ. Տիգրան Մինասեան եւ տէր եւ տիկին Ժան Մկրտիչեան:
Այդ երեկոյ, հաղորդական եւ ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր Հայ Կեդրոնի Ահարոնեան սրահի մուտքէն մինչեւ կեդրոնի Ճաշարանը, ուր մօտ տասը անուն հաշուող Մոնթրէալահայ արւեստագէտներու գործերը կը ցուցադ-րուէին, եւ որոնց վաճառքէն գոյացած գումարին 50 առ հարիւրը արուեստագէտները կը նուիրէին Համազգայինին: Դուրսը՝ Ահարոնեան սրահին մուտքին՝ Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի 45-ամեայ գործունէութիւնը գրաւեր էր անդամներու ուշադրութիւնը: Բոլոր տարիներու վարչականներու անուանացանկին կողքին՝ լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյ մը կը զարդարէր պատերը, որ աւելի քան պատկեր էր, քաղցր ու աղուոր, անցած ճիգերու, մեծ ու պզտիկ վայելքներու յուշեր էին, որոնք նոյնիսկ կը յաջողէին յուզել, աչքեր թրջել...:
Ահարոնեան սրահին բեմէն, Renaissance քառեակը Կոմիտասեան երաժշտութեամբ հրաւէր կը կարդար:
Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ. Մարիա Քէօսէեանը, որ վարժ՝ իր դերին, լաւապէս կատարեց իրեն վստահւած պաշտօնը, իսկ ընկհ. Թամար Ապրաքեանը կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարուհի, տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորագիրը, ուղղուած՝ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան:
Ապա՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմատար մեծայարգ Տիար Արման Յակոբեանը, շնորհաւորեց Համազգայինի 80-ամեակն ու «Սանահին» մասնաճիւղի 45-ամեակը, նշելով, որ հայրենիքն ու սփիւռքը կը սնուին նոյն պատմամշակութային արմատներէն եւ հզօր են մէկը միւսով: Հայաստանի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները Սփիւռքինն են, իսկ Սփիւռքի հիմնախնդիրները՝ Հայաստանինը:
Խիտ եւ կուռ էր տոքթ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի դասախօսութիւնը, որ հրահանգելու պէս կþառաջարկէր վերարժեւորել մեր այսօրը, վերանորոգել մեր արժէքներն ու գործելակերպերը, առանց անտեսելու անժամանցելիները, ներգրաւելով նորագոյն սերունդը եւ անդուլ աշխատանքի մղել զանոնք:
Ճաշկերոյթի ամբողջ տեւողութեան Renaissance քառեակը հարստացուց մթնոլորտը հրամցնելով մեծաւ մասամբ Կոմիտասեան երաժշտութիւն, իսկ սուրճի սպասարկութեան ժամանակ ցուցադրուեցաւ Համազգայինի պատմութեան բացառիկ տեասերիզը, որ պատրաստուած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան որոշումով պատուըուեցան կարգ մը անդամ անդամուհիներ, որոնք Համազգայինի ճամբով իրենց դրոշմը թողած են այս ափերուն կայք հաստատած հայորդիներու մտքերուն ու հոգիներուն վրայ: Երկու յետ մահու գնահատագրեր կարդացուեցան եւ յուշատախտակներ նուիրուեցան անոնց զաւակներուն կամ ազգականներուն.
Պատուըուղներն են՝ Մաէսթրօ Երուանդ Ալեքսանեան, ընկհ. Նուարդ Թիրեաքեան, Տիկ. Արփինէ Շալճեան, ընկհ. Արտեմիս Ճեսուրեան-Մկրտիչեան, ընկհ. Անահիտ Ոսկերիչեան-Գույումճեան, ընկ. Ռոստոմ Եղոյեան եւ ընկ. Վահագն Շամլեան:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան եւ Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան՝ իրենց վաստակաշատ գործունէութեան համար:
Հանդիսութեան ներկաները ստացան հայկական մանրանկարչութեամբ զարդարուած ծրարներ, որոնց մէջ նրբութեամբ պատրաստուած յուշանուէրին հետ կար նաեւ Համազգայինի 80-ամեայ կեանքը պատկերող գեղեցիկ գրքոյկ մը, պատրաստուած՝ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:
Համազգայինի անունով խորին շնորհակալութեան խօսքեր յայտնեց բեմավարուհին՝ Մարիա Քէօսէեանը, բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս յոբելենական հանդիսութեան, բոլոր նուիրատուներուն, անզուգական յանձնախումբին, որոնք իսկապէս ճիգ չէին խնայած, որ մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած երեկոն դառնայ հաճելի եւ անմոռանալի: Մասնաւոր շնորհակալութիւն՝ տիկ. Հուրի Հաքիմեանին, որ երբեք չէ զլացած իր աջակցութիւնը բերել Համազգայինին. իսկ յատուկ շնորհակալութեան խօսքերով գնահատուեցան արուեստագէտներ Եղիա Պէքմէզճեանն ու Յովսէփ Մանտալեանը, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց ժամանակը տրամադրած էին թէ° ցուցահանդէսի պատրաստութեան եւ թէ° ճաշասրահի սարքաւորման: Գերաշնորհ սրբազան հօր շնորհաւորական խօսքերէն ու պատգամէն ետք, Հայր Մերով փակուեցաւ երեկոն:
ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Քաղուած՝ Հորիզոն շաբաթաթերթէն