
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գրական միաւորին, Հինգշաբթի 27 Հոկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ հայ միջնադարեան տաղասացութեան նուիրուած երեկոյ մը, որուն զեկուցաբերն էր Նորայր Տատուրեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ծովինար Մելքոնեան, որ սեղմ բառերով ներկայացուց օրուան բանախօսը, իբրեւ բանասէր, կրթական գործիչ, դաստիարակ, տնօրէն եւ գրքամոլ: «Նորայր Տատուրեանը յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունի հայկական միջնադարեան գրականութեան հանդէպ: Այդ սէրն է, որ զինք այսօր մղած է մեզի հետ բաժնեկցելու ընտիր տաղեր եւ այլ ստեղծագործութիւններ ու մօտաւորապէս մէկ ժամ զրուցել այդ շրջանի երեւելի կամ անյայտ մնացած դէմքերու եւ ընդհանրապէս դարաշրջանի տիրող ոգիին մասին: Նորայր Տատուրեանի անունը ծանօթ է մամուլի էջերէն, ուր ան շարունակական կերպով կը հրատարակէ հայերէն բառերու մասին ստուգաբանական յօդուածներ, ոլորապտոյտ մը կատարելով հայերէն բառարաններու մէջ, բայց մանաւանդ դիպուկ մէջբերումներ ընելով հայ գրականութեան անդաստանէն», ըսաւ ան:
Իր տեսակին մէջ անկոխ ուղիի վերածուած միջնադարեան տաղասացութեան բնագաւառը հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ գեղեցիկ մէջբերումներով, պատումներով եւ «Power Point»ի միջոցաւ։ Պաստառին վրայ երեւցան միջնադարեան տաղերգուներու ստեղծագործութիւններէն բանաստեղծութիւններ, երգեր, արուեստի գործեր, վայելքի անմոռանալի պահեր շնորհելով բոլոր ներկաներուն:
Այսպէս, հանդիսատեսը նորանոր գրական հորիզոններ յայտնաբերելով ծանօթացաւ Ֆրիկին, Նահապետ Քուչակին, Նաղաշ Յովնաթանին, Սայեաթ Նովային, Նարեկացիին եւ այլ տաղասացներու, որոնցմէ ոմանք մեզի արդէն ծանօթ էին երգերու միջոցաւ:
Յայտագիրի ներկայացման ընթացքին բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր դասախօսին վրայ, որ մասնագիտական ոճով հրամցուց նիւթը, զոր ինք ուսումնասիրած էր ներկայացնելու մեր գաղութին տարբեր առիթներով: Ուսանողութեան տարիներուն, վերսկսած է հրատարակել Մխիթարեան Սանուց միութեան «Սան» գրական գեղարուեստական պարբերականը՝ «Նոր Սան» անունով: Հինգ տարի եղած է թերթի խմբագրական կազմի անդամ:
Նորայր Տատուրեան անունը անանջատ պիտի մնայ Համազգայինի յիշողութենէն, որովհետեւ աւարտին, ներկաները մէկ մարդու նման յոտընկայս երկար ծափահարեցին, իրենց յարգանքն ու երախտիքը յայտնելով այն երիտասարդ մտաւորականին, որ իր պատանեկան տարիքէն եղած է գրքամոլ, անխոնջ ուսումնասէր եւ ընթերցասէր, միշտ իր գիտելիքները ծառայեցնելով հայ միտքի սնուցման եւ հայ արժէքներու մշտահոս պեղման ու արտահանման: Հայաստանի մշակոյթի եւ սփիւռքի զոյգ նախարարութիւններու կողմէ ալ ան պարգեւատրուած է որպէս Սփիւռքի մէջ «մայրենիի պաշտպան»:
Կրկին շնորհակալութի՜ւն մեր թարմ ու կորովի մշակութային եւ կրթական գործիչին: