
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը պարբերաբար նուիրահաւաքի ընթրիքներ կը կազմակերպէ համազգայնական կամ այլ ազգայիներու տուներէն ներս, մտերմիկ մթնոլորտի շուրջ հանդիպելու հին կամ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու հետ, զրուցելու նորագոյն իրադարձութիւններու մասին, իրազեկ դառնալու եւ տեղեկութիւններով հարստացնելու համար մեր համայնքի այն հատուածը, որ հաւատք ունի, թէ միասնական ուժերով հայ մշակոյթը կրնայ գոյատեւել նոյնիսկ Ամերիկայի այս ափերուն վրայ, եւ մանաւանդ հաւատք կ՝ընծայէ Համազգայինի գործունէութեան հանդէպ, սատարելով անոր վերընձիւղման:
Արդարեւ, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն, 86 տարիներէ իվեր, Սփիւռքի մեր ազգային դիմագիծը կերտելով եւ հայապահպանման ու ազգապահպանման համար ամէն ճիգ ի գործ դնելով, Համազգայինը յառաջատար դեր ստանձնած է, հիմնելով ազգային վարժարաններ եւ հայագիտական հիմնարկներ: Ան յաջողած է պատրաստել ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ հովանաւորած է հրատարակչական աշխատանքներ: Ան Մայրենի լեզուն եւ յատկապէս արեւմտահայերէնը դարձուցած է իր գուրգուրանքի առարկան, նեցուկ կանգնելով անոր գոյատեւման դատին, նաեւ մեսրոպեան ուղղագրութեան անաղարտ պահպանման : Այս իմաստով պէտք է արդարօրէն գնահատել Շրջանային Վարչութեան նախկին անդամ Սագօ Պէրպէրեանը եւ անոր կնոջ՝ Պեքիին իշխանավայել հիւրասիրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր, 2014-ին, Կլէնտէլի իրենց բնակարանին մէջ, ուր բազմիցս հիւրընկալուած են նմանատիպ հաւաքներ:
Երեկոյին համար հրաւիրուած էր Համազգայինի ասմունքի նորակազմ խումբը, բաղկացած Ազգային Շամլեան Վարժարանի սաներէն՝ Անօ Ղազարեանէ, Արա Եագուպեանէ, Մեղեդի Աւագեանէ եւ Նիքոլ Հաժժարէ, ընկերակցութեամբ իրենց մայրենի լեզուի ուսուցիչ՝ Սարօ Նազարեանի: Աշակերտները ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնը, որուն ներկաները արձագանգեցին խանդավառ ծափողջիւններով, մեծապէս քաջալերելով զիրենք, իրենց մէջ տեսնելով ապագայ ասմունքողներն ու ազգին պատիւ բերող խոստմնալից աշակերտները:
Համազգայինի ընթացիկ տարուան գործունէութեան մասին պատկերացում մը տալու համար Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Մանուկ Չուխաճեան Power Point-ի սահիկներու օգնութեամբ ներկայացուց պատկերներ երգի, պարի, թատրոնի կամ մշակոյթի այլ բնագաւառներէն առնուած: Ան նոյնիսկ անդրադարձաւ Նոյեմբերին կազմակերպուելիք կերպարուեստի եւ նկարչութեան ցուցահանդէս-վաճառքին, որ պիտի կայանայ Համազգայինի կեդրոնէն ներս, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի, եւ օժանդակութեամբ Ասպարէզի ու Hovig’s Arts-ի: Ներկաները ողջունելի գտան եւ բարձր գնահատեցին արձանագրուած նուաճումներն ու ապագայի հաւանական իրագործելի ծրագիրները:
Խօսք առաւ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վիգէն Եագուպեան: Դոկտոր Եագուպեան շեշտը դրաւ Համազգայինի դերին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափերուն անոր ունեցած կարեւորութեան մասին, մաղթելով, որ Համազգայինը իր գործունէութեամբ կարենայ վայելել մշակութային կեանքէն ներս այն հեղինակութիւնը, զոր կը վայելէ Հայ Դատի Յանձնախումբը, հայ քաղաքական ու ազգային կեանքէն ներս, իր շարքերուն մէջ ներգրաւելով երիտասարդ եւ գործօն համակիրներ:
Ան անգամ մը եւս շեշտեց Կեդրոնական Կոմիտէի յանձնառութիւնը՝ սատար հանդիսանալու Համազգայինի ծրագիրներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ կեդրոնական հիմնադրամ ստեղծելու հեռանկարային ծրագրին, առաւելագոյնս նեցուկ կանգնելու Համազգայինի գործունէութեան՝ ներառեալ քսան տարուան պատմութիւն ունեցող երիտասարդական ֆորումին եւ նմանատիպ գործունէութիւններ յաջողցնելու կարեւորութեան:
Հիւրասիրութեան աւարտին, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիւրընկալ ամոլին, անոնց յանձնելով արուեստի թանկարժէք կտաւ մը:
Իսկապէս իւրայատուկ երեկոյ մըն էր Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25-ի ընթրիք-հաւաքը, ուր համախմբուած էին ազգայիններու հոյլ մը, որոնք իրենց սրտաբուխ նուիրատւութիւններով նոր շունչ ու աւիւն ներարկեցին հայ մշակոյթին յաւիտենական խնկարկու՝ մեր բոլորին սիրելի Համազգայինին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ