
Երկուշաբթի՝ 15 Յունիս 2015-ին, Աթէնքի «Տորա Սթրաթու» թատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հայրենի սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեանի բացառիկ համերգը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին։
Համերգը հովանաւորուած էր Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, «Փիւնիկ» եւ «Հրայր Յովնանեան» հիմնադրամներու աջակցութեամբ։
Ամբողջ համերգի կազմակերպումը անցնող աւելի քան երկու ամիսներու ընթացքին ստանձնած էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը։
Համերգի երեկոյին բացումը, յանուն Շրջանային Վարչութեան հայերէն եւ յունարէն լեզուներով կատարեց Արշալոյս Սափրիչեան։ Համերգին ներկայ էին Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Թեհրանի առաջնորդ Նշան Արք. Քարաք էհէյեան, Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Մաթէոսեան, Կրօնական դասը, Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հ.Հ. դեսապանատան հիւպատոսը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, յունահայ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու վարչութիւններ, յունական մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ելոյթին ներկայ գտնուելու համար պաշտօնական հրաւէր յղուած էր Յունաստանի մշակոյթի նախարարին, որ ընդառաջած էր հրաւէրին, բայց վերջին պահուն կամքէ անկախ պատճառներով չյաջողեցաւ ներկայ գտնուիլ, իր յաջողութեան ողջոյնները փոխանցելով Համազգայինին։
Նունէ Եսայեան հանդէս եկաւ 23 երգերէ բաղկացած ընտրեալ երգացանկով մը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով բացօթեայ դասական թատրոնէն ներս։
Սոյն համերգին համար երգչուհին ու իր աշխատանքի խմբակը պատրաստած էին մեր պատմութիւնը իւրայատուկ ոճով պատկերող տեսաերիզ մը, որ համերգի ամբողջ տեւողութեան հսկայ պաստառի մը վրայ կը ներկայացուէր, երգի, երաժշտութեան ու տեսողութեան սքանչելի ու զգացական ներդաշնակութիւն մը ստեղծելով հանդիսատեսին առջեւ։
Աշուղական, ազգային, ժողովրդական, բանակային, յեղափոխական երգացանկին մաս կազմեցին Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, «Ատանայի ողբը», «Զարթիր լաօ», «Տըլէ Եաման», «Գնդակ որոտաց», «Կիլիկիա», «Հայ ենք մենք», եւ աւարտին՝ «Մեր հայրենիք»։