
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը վեց ամսուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով մեծաշուք հանդիսութեամբ ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։ Առաջինը Մարտին էր, երբ «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» համոյթով համախմբեց գաղութին մշակութային միութիւններն ու տաղանդները։
Անցեալ Շաբաթ օր Համազգայինը հիւրընկալեց հայրենի արուեստագէտ Նունէ Եսայեանի «Կա՛նք, Պիտի Լինե՛նք, Ու Դե՛ռ Շատանանք» համերգային ծրագիրը՝ նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութեան։ Համերգը կազմակերպողն էր Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, գործակցութեամբ՝ Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ՝ ԱՄՆ-ի Արեւելեան Շրջանայինի։
Համերգը տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի Bergen Performing Art Center հանդիսասրահէն ներս։ Խուռներամ բազմութեան մը մասնակցութիւնը (հազարէ աւելի) եւ գաղութի ղեկավարներու ու ազգային մարմիններու զգալի ներկայութիւնը փաստ մըն է, որ Համազգայինը շահած է գաղութիւն յարգանքն ու վստահութիւնը։