
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի հովանաւորութեամբ, Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» եւ «ԽԱՉԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ» զոյգ հատորներու շնորհահանդէսը: Գրական այս երեկոյին ներկայ էին ազգային-քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հայ կրօնական ներկայացուցիչներ, համազգայնականներ եւ գրասէր հայորդիներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան մօտ գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Պալեան, որ բարի գալուստի խօսքին մէջ յիշեց, թէ արիւնարբու թուրքը հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, տակաւին կը շարունակէ իր նենգամիտ քաղաքականութիւնը, հարուածելով հայութիւնը եւ հայ ժողովուրդի շահերը ամենուրէք: Ան շեշտեց նաեւ թէ աշխատասէր ու յարատեւող հայը տարիներու ընթացքին ինքզինք կազմակերպեց եւ այսօր պահանջատէր է ու ստեղծագործ՝ աւելի քան երբեք: Քաղաքական, քարոզչական եւ հանրային հաւաքական զանազան տիպի աշխատանքներու կողքին, աշխոյժ ու խանդավառ է ներկայիս հայ հրատարակչական կեանքը, որուն պտուղներէն եղան Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» եւ «ԽԱՉԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ» աշխատասիրութիւնները:
Նեղ տողերու մէջ սահմանելէ ետք հատորներու նիւթերը եւ գիտնալով հանդերձ թէ ներկաներէն շատեր ծանօթ են հեղինակին, Ա. Պալեան ընթերցեց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի հարուստ կեսագրականը. ապա տեղի ունեցաւ պաստառի վրայ ներկայացումը «ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» գիրքի կարգ մը նկարներուն՝ «Սուրբերու աչքեր» երգի ունկնդրութեամբ:
Անահիտ Պալեան գրասէր ներկաներուն ընթերցեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ աշխոյժ հովիւ՝ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի ամփոփ կենսագրականը ու զինք հրաւիրեց բեմ կատարելու համար Ա. հատորի ներկայացումը: Սոյն ներկայացման յաջորդեց տեսաերիզով ցուցադրումը «ԽԱՉԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ» հատորի նկարներուն, երբ միաժամանակ ներկաները վայելեցին 1986-ին, երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կաթողիկոս ընտրութեան 10ամեակին առթիւ տեղի ունեցած ելոյթին, «Կիլիկիա» երգի ունկնդրութիւնը: Նահապետ Ռուսինեանի այս նշանաւոր երգը յատուկ նշանակութիւն ունէր գրական այս երեկոյի ընթացքին, ոչ միայն որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խորհրդանշող երգ, որովհետեւ Բ. հատորով բժիշկ Կ. Հարպոյեան կը ներկայացնէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութիւնը, այլ որովհետեւ «Կիլիկիա» երգի այս տարբերակը եղած էր Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի մշակումով, դաշնակի վրայ Շաքէ Պտղունի-Գազանճեանի ընկերակցութեամբ եւ կատարողութեամբ արուեստագիտուհի քոյրերու՝ Սոնա Պտղունի-Կիւրիւնեանի եւ Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի եւ Գէորգ Պէպէճեանի: Տեսաերիզէն ետք, Արժ. Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան կատարեց Բ. հատորի ներկայացումը, մանրամասնօրէն անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսէն տարագրման պատմութենէն մինչեւ հաստատուիլը Անթիլիաս, անցնելով երջանկայիշատակ բոլոր կաթողիկոսներու կենսագրութիւններէն ու առաքելութիւններէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ զոյգ աշխատասիրութիւններու հեղինակ Բժիշկ Կ. Հարպոյեանը, որ երախտագիտական զգացումներով ու շնորհակալական խօսքերով փոխանցեց իր սրտի խօսքը, շեշտելով թէ ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով գրուած այս հատորները, ձօնուած են մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին եւ որուն հասոյթը պիտի նուիրուի Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան:
Այնուհետեւ Ա. Պալեան բեմ հրաւիրեց Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Սրբազան Բարիքեանը, որ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը, բարձր գնահատելով Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի ուսումնասիրական այս աշխատասիրութիւնները, Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի ներկայացումը եւ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի առաքելութիւնն ու հայապահպանման, հայ մշակոյթի ու գրականութեան ի նպաստ բերած ներդրումը: Ապա Հայր Մեղրիկ իր խօսքը փակեց պահպանիչով :
Գրական երեկոյի աւարտին, Անահիտ Պալեան իր կարգին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները եւ շնորհակալական խօսքերը յատկապէս գնահատելով ներկաները, որոնք միշտ ներկայ են Համազգայինի ձեռնարկներուն, կը քաջալերէն հայ գիրքն ու հայ արժէքները: Փակման խօսքին յաջորդեց կոմիտասեան մեղմ եղանակներու ունկնդրութիւնն ու գիրքերու մակագրումը հեղինակին կողմէ:
Անահիտ Պալեան