
Հազարամեակներու աւանդ ունեցող հայ գրականութիւնը ճշմարիտ արտայայտութիւնն է մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ապրումներուն, խաղաղ եւ ստեղծագործ մտքին, ծանր իրավիճակներու պարագային, փառաշուք յաղթանակներով հարստացած պահերուն։ Ըսել որ հայ գրականութիւնը արդէն հայ կեանքն է, մեր պատմութիւնն ու աւանդոյթները։
Միացեալ Նահանգներէն իր ծննդավայր Հալէպ դարձած Գէորգ Պետիկեանն է, որ շուրջ հինգ տասնամեակներու բազմազան աշխատանքներու կողքին, որպէս մտասեւեռում սրտին խորքը պահած է առաւելաբար մանկական յիշատակները, որոնք իր երեւակայութեան պաստառին վրայ կեանք առած, ուռճացած եւ իմաստաւորած իր առօրեան,առաջնորդած են զինք հո՛ն, ուր կենսագործուած է իր էութիւնը։
4 Օգոստոս 2010-ի երեկոյեան,Արամ Մանուկեան Ժող.Տան«Լ.Շանթե սրահէն ներս, մշակութասէր ընտրանին հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց հանդիսավար ընկերուհի Էլօ Գոնճայեանի բացման խօսքն ու գրող Գէորգ Պետիկեանի անձը ծանօթացնող տուեալները։
Օրդ. Մարիան Գարագաշեանի հեզասահ մատներուն տակ հնչեցին «Կարմիր Վարդե ու «Միայն քեզ Համարե մեկնաբանուած Հայկան Մուրատեանի կողմէ։ Թատրոնին նուիրեալ ընկեր Զարեհ Փայասլեան բեմ հրաւիրուելով ապրեցաւ եւ ապրեցուց հեղինակին «Բարեւ Հալէպե գրքէն հատուածներ, այնքան հարազատ ապրումով, շեշտադրումով եւ առոգանութեամբ, որ ունկնդիրները հոգեպէս տեղափոխուած զգացին գործողութեան վայրը։
Ընկերուհի Պերճուհի Աւետեանն էր որ նշեց, թէ Գ. Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպեը յուշերու շտեմարան մըն է, ուրկէ կը բխին մանկութեան, պատանեկութեան, երիտասարդ տարիքի հետ կապուած դէմքեր եւ դէպքեր։ Իրեն համար Հալէպը յիշատակութեան արժանի կը դառնայ իր մթնոլորտով, արմատներէն խլուած արեւմտահայութեան տրոփող առօրեայով։ Ան դէպքերը կը հիւսէ հաճելի ու տպաւորիչ մթնոլորտով եւ պատկերաւոր արտայայտութեամբ։
Նաեւ երգիծանքը իր արդար տեղը գտած է անոր պատումներուն մէջ, յաճախ սրախօսութեամբ ծրարուած եւ ներկայացուած դէպքը երգիծաբանի իր սուր գրիչով կը մեխուի, հասնելով թիրախին եւ կը դրոշմէ իր անջնջելի հետքը։ Իսկ գրողին բանաստեղծական սեռի մշակման անդրադառնալով, որ Պետիկեանի չափածոն ռոմանթիք բնոյթ ունի, կը յարգէ տաղաչափական օրէնքները, սակայն ի հարկին կը կատարէ զոհողութիւններ։ Պետիկեանի լեզուն գունագեղ եւ պատկերաւոր է։ Ան կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի պատնէշին վրայ մեր ոսկեղնիկը պահպանող առաջատար կամաւոր։ Կ՛անցնի ապա մէկ առ մէկ իւրաքանչիւր պատմուածքի մանրամասնութեան։
«Բարեւ Հալէպեի մէջ կը տողանցեն զգացումներ, մտերմիկ պահեր եւ չորս տասնամեակներու բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։
«Վերամուտեին մէջ կը գտնենք իր մանկութեան ժամանակաշրջանին Հալէպի մէջ բնակութիւն հաստատող ընտանիքներու կենցաղի հարազատ պատկերներու դպրոցը։ Եւ այսպէս շարքը կ՛երկարի «Վերադարձեը, «Բաժանումեը, «Վանա Անուշիկ Թոռնուհիսե, «Մեր Դաւիթը, Ձեր Ռաֆֆինե, «Անուշս Ծախում եմե, «Նշանտուք, Կօշիկ եւայլնե, «Հայը եւ Մտաւորականըե,«Գրելեը,«Բարեկամս Պրն. Պարգեւե, «Հայ եմ ու Տէր Հօր Թոռնիկե, «Առաջին Պատարագսե, «Անմեղ Կատակըե, «Տէր Ողորմեա Ըրի՞նե, «Գր.Նարեկացինե, «Սրտի Խօսքե, «Ազգ.Հայկազեան Վրժ.ի Բացականերէն Մէկըե պատմուածքներով։
«Մեծ Սէրսե, «Անորե, «Անմեղ Գողերե եւ «Երազսե բանաստեղծութիւնները ունին զգացական բնոյթ եւ քնքոյշ յուզականութեամբ կը խռովեն հեղինակի հոգին։
Գիրքը նուիրուած է հեղինակի մեծ եղբօր Դաւիթ Ռաֆֆի Պետիկեանի յիշատակին։ Ապա Պերճուհի Աւետեան շնորհակալութիւն յայտնեց գրքի հրապարակման օժանդակող անձերուն, հեղինակին, Ն. Աղբալեան մսնճ.ի գրական յանձնախումբին, նաեւ ներկաներուն քաջալերանքին։
Հերթը Գէորգ Պետիկեանին էր, որ աւելցուց.- Շուրջ յիսուն տարիներու կրթական, գրական եւ հրապարակագրական աշխատանքներուս մէջ զիս հեւքի, խանդավառութեան եւ պրպտումի մէջ պահողը այն հաւատքնէ, զոր ունիմ հայ ժողովուրդի մշակութային եւ ազգային ապագային նկատմամբ։
Աշխատանքը այն կիրքն է, զոր կը պարտիմ ո՛չ միայն խառնուածքիս, այլեւ ծնողքիս, ծննդավայրիս, վարժարանիս, ուսուցիչներուս, պատկանած միութիւններուս, ակումբիս, եկեղեցիիս,ապա ընտանեկան պարագաներուս, ծննդավայրի մթնոլորտին եւ անոնց հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան գիտակցութեանս։ Այս երեկոյ դուք կը պատուէք մշակ մը, որ անշուշտ փայփայուած կը զգայ իր փառասիրութիւնը եւ պարտք կը համարէ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, ձեր անկեղծ զգացումներուն եւ յարգանքի շօշափելի արտայայտութեանց համար։Արեւոտ եւ տխուր իրականութիւններու այս աշխարհի մէջ կլանիչ աշխատանքը գերագոյն երջանկութեան եւ գոհունակութեան աղբիւրն է մարդուն, վերանորոգուելու եւ ներշնչուելու համար համեստ կարելիութիւններով արժեւորուած ըլլալու ներքին գոհունակութեամբ։
Գիրքը միայն գիր չէ, նաեւ շունչ ալ է։ Իրողութիւն է, որ մարդիկ դժուար կը կարդան եւ այդ յանցանքը կը բեռցնեն համակարգիչին վրայ։
Պէտք ունինք գիրքին, հա՛յ գիրքին, որպէսզի մնանք եւ շարունակենք պարիսպը։ Մեր ինքնութիւնը պահելու համար կենսական է ընթերցումը, որպէսզի չդառնանք «ծագումով հայերե։
Բոլորդ անխտիր եկած էք քաջալերելու եւ տէր կանգնելու մեր լեզուին, հայ գրին եւ հայ գրողին։ Եկած էք հաստատելու, թէ դո՛ւք էք հայերէնը, եւ հայերէնն ալ իր կարգին՝ հայութիւնն է։
Պատիւ ձեզի՛, շնորհակալութիւն։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ ետք Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Ս. Հայրը խօսք առնելով նշեց այն միտքը, որուն համաձայն ծննդավայրէն հեռացողը անպայմանօրէն կը վերադառնայ հո՛ն, տալու ինչ որ անցեալին քաղած էր հոնկէ։ Այժմ Գէորգ Պետիկեանն է որ անխառն գոհունակութեամբ եւ կարօտը սրտին վերադարձած է Հալէպ, բոլորանուէր ապրումը եւ սրտի թովչանքը փոխանցելու հօրենական տան երդիքին, շրջապատին, պատկանած միութեան։ Առաւել, հալէպահայ գաղութը իր հայաշունչ մթնոլորտով ծնունդ տուած է մշակութասէր անձերու, մտաւորականներու, որոնցմէ Գէորգ Պետիկեանն է այսօր հրատարակած 4 գրքերով, որոնք վաւերական արգասիքը կը կազմեն ստեղծագործ իր մտքին։ Գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ապա գրքի հրատարակութեամբ արեւմտահայերէնի հզօրացման ձգտող օրհնաբեր աշխատանքին, երբ որեւէ ժամանակէ աւելի զգալի է այժմ անհրաժեշտութիւնը մեր լեզուի անեղծ պահպանման, յատկապէս օտար ափերուն վրայ, ուր անպատեհ ազդակներ կը սպառնան անոր գոյութեան, որովհետեւ գիրքն է վաւերական միջոցը լեզուի պահպանման։ Առ այդ, շնորհաւորեց ընկ. Գ. Պետիկեանը իր բազմաբնոյթ եւ ծաւալուն գործունէութեամբ։
Շնորհաւորեց Համազգայինն ու Ն. Աղբալեան մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը կազմակերպչական աշխատանքով, շնորհաւորեց ապա քաջալեր հանդիսացող մշակութասէր հանդիսատեսները։
«Պահպանիչեով փակեց ձեռնարկը։
Համադրեց՝ Էմմա