
Հինգշաբթի, 13 Յունուար 2011-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գեղանկարիչներ Շողիկ եւ Գէորգ Ուլաշեաններու գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը։
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ տակաւին 60-ական թուականներուն, երբ Լիբանանի մէջ ցուցասրահները ընդհանրացած երեւոյթ չէին եւ հազիւ մէկ երկու ցուցասրահ գոյութիւն ունէր Պէյրութի մէջ, Համազգայինը եղաւ առաջիններէն, որ «Վասպուրական» սրահին մէջ իրերայաջորդ ցուցահանդէսներով իր մասնակցութիւնը բերաւ ոչ միայն լիբանանահայ գեղանկարչութեան զարթօնքի շարժումին, այլեւ՝ լիբանանեան գեղանկարչութեան զարգացման։
Կիրակոսեան ըսաւ, որ Համազգայինը իր այս նորահաստատ «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կազմակերպեց ցուցահանդէսներու շարք մը, որուն վերջինն է Շողիկ Ուլաշեանի եւ Գէորգ Ուլաշեանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը։ Ան աւելցուց, որ Գէորգ Ուլաշեան Համազգայինի մեծ ընտանիքին մէջ մնայուն հաւատաւոր ներկայութիւն եւ ծառայութիւն բերող արուեստագէտ մըն է, որ անգամ մը եւս այս ցուցահանդէսով կու գայ հաստատելու, որ ինք կրկնակի ներկայութիւն է Համազգայինի կեանքին մէջ՝ իբրեւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի դասատու եւ իբրեւ ստեղծագործող։
Խօսելով երկու գեղանկարիչներու գործերուն մասին՝ Սարգիս Կիրակոսեան ըսաւ, որ անոնք ամէն բանէ առաջ գունային տօնահանդէսներ են, որոնց մէջ կան գոյնի արտաքին երեւոյթը եւ անտեսանելին, որ կը թրթռայ գոյնին ներքին խորքերէն։
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ ինք ստանձնեց այս ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը՝ մեկնելով արուեստն ու արուեստագէտը քաջալերելու եւ արուեստը մեր շրջապատին մէջ միշտ ներկայ պահելու մարդկային ու ազգային պատասխանատուութենէն, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը ինքնին որակ պահանջող եւ որակաւորը գնահատող տեղ է։
Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ ցուցահանդէսները որակի փնտռտուքի արտայայտութիւն են, որովհետեւ արուեստը ունի իր սկզբունքները եւ արժէքները։ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդգծեց, որ այս հաւաքը արուեստի աշխարհին մասնակից դառնալու առիթ մըն է Գէորգ եւ Շողիկ Ուլաշեաններուն համար: Գնահատելով «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի մշակութասէր բարերարներուն գործունէութիւնը՝ սրբազանը նաեւ հաստատեց, որ ցուցասրահը կարողութեան եւ կարողականութեան մէկտեղումն է։
Նշենք, որ ցուցահանդէսին Շողիկ եւ Գէորգ Ուլաշեանները ցուցադրած են իւղաներկով, ջրաներկով եւ չինական մելանով պատրաստուած 41 գեղանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ տիպարները, նիւթը եւ գոյները, որոնք հաւաքաբար կþարտայայտեն մարդկային զգացումներ եւ բնութիւնը նկարագրող գեղատեսիլ պատկերներ։
Շողիկ Ուլաշեանի գեղանկարներուն մէջ տիրական են իգական սէրը, անոր մարդկային նկարագիրը, յուզումներն ու ապրումները, մինչ Գէորգ Ուլաշեան անձրեւազարկ վրձնային հարուածներով նկարագրած է արագիլը, ձիերն ու մարդկային նկարագիրի յատկանիշներն ու ապրումները, ինչպէս նաեւ՝ իգականութիւնը։
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 23 Յունուար 2011, ԵրկուշաբթիէնՇաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00։