
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մանակապատենական պարախումբին ելոյթները տեղի ունեցան «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս,2011-ի Մայիս 8, 14 եւ 15-ին։ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները հնչելէ ետք,Սեւակ Յովհաննէսեան արտասանեց արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով բացման խօսքերը։
Ձեռնարկի հաղորդավարներն էին Նարինէ Գոնճայեան եւ Աւօ Աղպապեան« ինչպէս նաեւ պարախումբի կազմէն փոքրիկներ՝ Մեղեդի Տէր Պօղոսեան եւ Գարեգին Ճապաղջուրեան, որոնք հմտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ բեմավարեցին ելոյթը։
Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր դասական, ազգագրական, մարզական եւ ժողովրդային պարեր, որոնք ներկայացուեցան հանդիսատեսին ամենայն ճկունութեամբ ու մշտաժպիտ դէմքերով։
«Առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» նշանաբանով ներկայացուցին առաջին պարը, որ մարզական ձեւերու ներկայացում մըն էր, ապա ազգագրական պարով հանդէս եկան խումբ մը Շուշեցիներ ու խիզախօրէն պարեցին, կարծէք Մայիս ամսուան մեր յաղթանակները տօնախմբելու ցնծութեամբ։
Ներկաները ապա փոխադրուեցան հեքիաթներու աշխարհ «Մոխրոտ»ի պարով, որուն յաջորդեց տիկնիկներու կտրուկ ու համաչափ ձեւերով պարը, որմէ ետք հնչեց «Պարսելոնա» սպանական ֆութպոլի առաջատար խումբի երգը եւփոքրիկները աշխուժութեամբ պարեցին գնդակներով ու ֆութպոլային տարազներով։
Քրիստոնէութեան խորհրդանիշ եղող խաչը ներկայացուցին «Շուշի»ի հեզաճկուն աղջիկները իրենց շարժումներով եւ ներկայացուցին գեղեցիկ պատկերներ։
Հովիւներու պարը եկաւ յիշեցնելու ներկաներուն մեր երբեմնի հողի մշակութեամբ ու խաշնարածութեամբ զբաղող մեր նախահայրերը։
Հանրածանօթ Սամպա պարով յայտագրի Ա. մասը հասաւ իր լրումին։ Ընդմիջումէն ետք «Շուշի»ի մատղաշ աղջիկները ճկունութեամբ պարեցին «Ցոլք» պարը, որ ամբողջութեամբ կեդրոնացած էր ձեռքերու շարժումներու վրայ։ Արաբական եռանդուն պարը յաջորդեց անոր, ապա հայկական ժողովրդային պարով խումբը շարունակեց ելոյթի յայտագիրը։
Աղաւնիներու մեղմիկ պարէն ետք, ելոյթի հաղորդավարներէն Աւօ արտասանեց բանաստեղծական համար մը, ապա «Շուշի»ի նազելաշուք աղջիկները պարեցին Ղարաբաղ պարը։ Եզրափակիչ պարի ընթացքին «Շուշի»ի բոլոր մասնակիցները բեմ բարձրացան եւ պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար պարուսոյց Տիկ. Սուզաննայի երգեցողութեամբ ներկայացուցին ելոյթի վերջին պարը։
Մայիս 14-ի ելոյթին ներկայ էր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեան, որ ձեռնարկի աւարտին հրաւիրուեցաւ բեմ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետին հետ, փոխանցելու վարչութեան գնահատանքի յուշանուէրը պարուսոյց Տիկ. Սուզաննային, ինչպէս նաեւ սրտի խօսքը փոխանցելու եւ «Պահպանիչ»ով փակելու երեկոն։
Սրբազան Հայրը նշեց, որ յաղթանակի ու ցնծութեան օր էր այդ երեկոն։ Ան ըսաւ. «Այս ելոյթը հայ ժողովուրդի՝ Սուրիական հայրենիքի հարազատ զաւակներու ուժն է, զօրակցութեանարտայայտութիւնը երկրի անսասանութեան, մենք ուրախութեամբ ու ցնծութեամբ, պարով ու նուիրումով պիտի շարունակենք մեր երթը։ Ապրի՛ Հայաստանը, ապրի՛ Արցախը, ապրի՛ Շուշին, ապրի՛ Սուրիան…»։
Օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքերէն ետք, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ»ով փակեց երեկոն։
Այս առթիւ, Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը շնորհաւորէ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի անդամները, յանձնախումբը եւ մանաւանդ կը գնահատէ վաստակաշատ ու տաղանդաւոր պարուսոյց Տիկ. Սուզաննան։
Էլիզապէթ Մալխասեան-Գոնճայեան