
Երեք յաջորդական ելոյթներով, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թէրզեանի, պարարուեստի հաճելի պահեր պարգեւեց հալէպահայ հանդիսատեսին։ Աւելի քան 60 պատանի եւ երիտասարդ պարողներ հալէպահայ մշակութային բեմը զարդարեցին հայկական, արաբական եւ արեւմտեան պարերով։ Անոնք իրենց գոյնզգոյն տարազներով, աշխոյժ եւ հեզաճկուն շարժումներով 1,5 ժամ շարունակ գրաւեցին հանդիսատեսին ուշադրութիւնը, երկրէ-երկիր փոխադրեցին ներկաները, ծանօթացնելով զանոնք տարբեր մշակոյթներու պարարուեստին։
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները հնչեցին եւ յայտարարուեցաւ ձեռնարկին բացումը: Արաբերէն բացման խօսքով Մարալ Ղազարեան ըսաւ, որ պարը արտայայտութեան անկաշկանդ ձեւ մըն է: Երբ կը պարես, կրնաս արտայայտել ամէնէն թաքուն զգացումներդ: Ուրեմն, որքան ցամաք է մեր առօրեան, եթէ պարը մերթ ընդ մերթ անոր մաս չկազմէ: Ան բեմը նմանցուց գարնան, ըսաւ որ այստեղ պիտի տեսնէք կոկոններ, թիթեռնիկներ ու գոյնզգոյն ծաղիկներ:
Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Սարին Պօղոսեան: Սարինը ըսաւ, որ պարը այն արուեստն է, որուն միջոցով կարելի է տեսնել զայն ներկայացնող ազգին բնորոշող գիծերը, հոգեկան աշխարհը, քաղաքակրթութեան աստիճանը, բնութեան եւ կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը: Իսկ հայկական պարի պատմութեան անդրադառնալով մեզ տեղեկացուց, որ հայ ժողովուրդը իր անկախութիւնն ու իշխանութիւնը կորսնցուցած օրերուն, հայ արուեստին, մանաւանդ պարարուեստին շնորհիւ պահպանած է իր դիմագիծը:
Երբ բեմին վարագոյրը բացուեցաւ «Շուշի» պարախումբը խորհըրդանշող տպաւորիչ յարդարումը բոլորիս ուշադրութիւնը գրաւեց: Հանդիսավար Մարիա Աղպապեան հայկական պարարուեստին արժէքն ու իւրայատկութիւնը ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց պարողները: