ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Վասպուրական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ դասախօսութիւն մը «Ուղեւորութիւն դէպի Պատմահայաստան» խորագրով։
«Silicon Valley»ի հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Անի Ենիգոմշեան սահիկներու ընկերակցութեամբ եւ պատմական իրողութիւններու բացատրութեամբ ներկայացուց Սեպտեմբեր 2019-ին իր կատարած Պատմահայաստանի շրջապտոյտը։
75 ներկաներ մեծ հաճոյքով եւ միանգամայն յուզումնախառն զգացումներով դիտեցին եւ ունկնդրեցին Անիի բծախնդրօրէն պատրաստած լսողատեսողական դասախօսութիւնն (Audiovisual) ու իր ուխտագնացութեան առթիւ գրած բանաստեղծութիւնը։
Ներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի առիթ եւ հիւրասիրութիւն։