
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի Շրջանայինի Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, 10 Յուլիս, 2022-ին, ՀՅԴ Ռոստոմ Կոմիտէի «Խաթուն Սարեան» բակին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին նուիրուած «Ուրախ Երեկոյ» մը:
Ներկայ էին մօտ 100 հիւրեր՝ համազգայնականներ, համազգայինի համակիրներ եւ Նշան Փալանճեանի ճեմարանականներ:
Յայտագիրը սկսաւ ջութակահարուհի Սիրանուշ Հովայեանի գեղեցիկ մեղեդիներով: «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Ուզունեան կատարեց բացման խօսքը, ներկայացնելով պաշտօնական հիւրերը՝ Ռոստոմ Կոմիտէի հերթապահ Կարօ Գամարեան եւ կոմիտէի ընկերներ, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լեւոն Շանթի թոռնիկը՝ Լեւոն Շանթ. որմէ ետք բեմ հրաւիրեց շրջանիս Տէր Ռազմիկ աւագ քահանայ Խաչատուրեանը, որպէսզի սեղանները օրհնէ: Ժողովրդական ճոխ երգերով երեկոն խանդավառեց գաղութիս սիրուած երգիչ Շահէ Սըգայեանը:
Մասնաճիւղիս վարչականներէն Ժագ Արմուտիքեան խօսք առաւ եւ բացատրեց ձեռնարկին նպատակը՝ Ճեմարանի տարած կարեւոր աշխատանքը հայ մշակոյթի պահպանման համար եւ Ճեմարանի աշխատանքներուն զօրավիգ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը, նշելով որ վարչութիւնս որոշած է ձեռնարկին հասոյթը նուիրել Ճեմարանին: Երեկոյեան ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ, ու Ճեմարանականները միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը:
Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Համազգայինի եւ Ճեմարանի պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը: Ցոյց տրուեցան նաեւ ճեմարանի ուսուցիչներու, դասարաններու եւ ներկաներուն հետաքրքրական ու հաճելի յիշատակներ արթնցնող զանազան այլ նկարներ:
Սրտի խօսք առաւ 1960-ի շրջանաւարտ Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանը: Ան խօսեցաւ հայակերտման մէջ Ճեմարանի ունեցած նպաստին մասին, պատմեց հին օրերու հաճելի դրուագներ: Ան շեշտեց Համազգայինի կարեւոր դերը դպրոցներ հիմնելու մէջ, օրինակ բերելով Մարսէյի Ճեմարանը, որուն նեցուկ կանգնելու համար Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ճիգ ու ֆինանսական ներդրում չէր խնայած, հակառակ Լիբանանի պատերազմի ծանր օրերուն: Ան խօսքը աւարտեց ընդգծելով, որ «Համազգայինը դպրոց կը բանայ. ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԴՊՐՈՑ ՉԻ՛ ԳՈՑԵՐ»:
Խանդավառ մթնոլորտը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները վայելեցին վարչութեան անդամներուն կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերը եւ բաժնուեցան մեծ գոհունակութեամբ: