
Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ չորս լիբանանցի գեղանկարիչներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Ռեմոն Աուտէի, որ արուեստի մեծ հաւաքորդ է եւ իր գործունէութեամբ միշտ քաջալերած է արուեստի ձեռնարկներն ու Լիբանանի մէջ արուեստի ճամբով տարբեր համայնքներու համագործակցութիւնը:
Ռեմոն Աուտէ միաժամանակ հայ ժողովուրդի բարեկամներէն է, ունի բազմաթիւ հայ ընկերներ, որոնց շարքին նաեւ` Համազգայինի ցուցասրահ