
«Մշակոյթը Ճանապարհ Յաղթանակի» խորիմաստ հասկացողութեամբ, հայ ժողովուրդը ձգտած է անաղարտ պահել դարերէն եկող եւ դէպի գալիքը ձգտող մեր աւանդոյթը, գիրն ու գրականութիւնը, պարը եւ երգը, թատրոնը եւայլն... Փոքր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ մշակոյթը դարձած է ազգը պահող գործօն ուժերէն մէկը:
Առ այդ, հաւատարմութեամբ, Գամիշլիի Համազգային «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղի ինը յաջորդական վարչութիւնները պահեցին մանկապատանեկան պարախումբը:
Այժմ վարչութիւնը կրկին այս շրջանին կրցաւ կազմակերպել եւ իրականացնել գաղութին երազն ու փափաքը:Գամիշլիի հինգ հարիւրի հասնող արուեստասէր հասարակութիւնը հաւաքուած էր «Մշակոյթի Տուն»ին մէջ:
600 աշակերտներ եկած էին Շաբաթ եւ Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2009-ի երեկոյեան ժամը 7-ին մանկապատանեկան «Վանայ» պարախումբը դիտելու եւ վայելելու, որովհետեւ մէկ տարուան աշխատանքի արգասիքը պիտի հրամցուէր այդ օր:
Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Առաջնորդական փոխանորդ Ճէզիրէի Հայոց Հոգշ. Տ. Սիփան Վրդ. Քէչէճեանի, ներկայութեամբ Ազգային Իշխանութեան, Պետութեան, միութիւններու, ներկայացուցիչներու եւ ծնողներու: Գեղարուեստական յայտագրի ընդմէջէն, ձեռնարկը ներկաներուն մէջ բարձրացուց հայկական պարարուեստի հանդէպ իրենց սէրն ու ճաշակը:
Մասնաճիւղի ատենապետ Վազգէն Թովմասեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ներկայացուց Համազգայինի առաքելութիւնը, ապա խօսքը ուղղեց ծնողներուն. «Գամիշլիի մեր ազգային կեանքին մէջ անհամար է թիւը այն իրագործումներուն, որոնք յաջողութիւն կը գտնեն կամաւոր աշխատանքի շնորհիւ, ըլլայ ան վարչութեան եւ պարախումբի անդամներու զոհողութեամբ. մէկ տարուան աշխատանքին արդիւնքը վայելելու պահը հասած է, ինչո՞ւ ամբողջ էութեամբ փշաքաղուիլը, ազդուիլը, տպաւորուիլը, անպայման պիտի այցելէ իւրաքանչիւր հանդիսատեսին, իսկապէս մեր գաղութէն ներս, պէտք է պահենք պարախումբը, պահենք իր այժմէականութիւնը եւ միշտ տալիք ունենանք հանրութեան»:
Ապա Կարինէ Աբրահամեանը արաբերէն լեզուով ներկայացուց բացման խօսքը, որմէ ետք հանդիսատեսը ակնդէտ հետեւեցաւ շատ գեղեցիկ յայտագրին: Պարուսոյցն էր Ալինա Կիրակոսեան-Մելոյեան, որ ուսուցման հետ, արուեստին կցած էր իր սէրն ու նուիրումը՝ մեր պատանիներուն, իրազեկ դարձնելով զանոնք հայկական պարի անփոխարինելի հմայքին:
Գնահատելի էին տարազներու ձեւաւորումն ու գեղեցկութիւնը:
Յայտագրի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ հայրենի արուեստագիտուհի, պարուսոյց Ալինա Մելոյեանը, իրեն աշխատակցող Ալին Պետրոսեանը՝ վարչութեան ներկայացուցիչը պարախումբի մօտ: Անոնց աշխատանքին շնորհիւ յաջողութիւն գտաւ «Վանայ» մանկապատանեկան պարախումբը:
Ներկաները եւ պարախումբի անդամները ծաղկեփունջով եւ յոտնկայս ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը եւ երախտիքը յայտնեցին վարչութեան, որ ճիգ չխնայեց ձեռնարկի յաջողութեան, ապա կատարեցին իրենց նուիրատուութիւնները:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգշ. Հայր Սուրբը, որ նախ շնորհաւորեց ծնողները եւ ըսաւ. « Համազգայինի պարախումբի նախաձեռնութիւնը արդարօրէն պիտի քաղցրացնէ ձեր զաւակներուն առօրեան, պիտի իմաստաւորէ իրենց կեանքը եւ անոնք վառ պիտի պահեն Հայ մշակոյթի ջահը: Այս հանդիսութիւնը մեր հոգիները լեցուց անսահման ուրախութեամբ, անխորտակելի հպարտութեամբ: Այս ելոյթը փաստ մըն է, որ հայկական պարերը նահանջի մէջ չեն...: Ինչպէս որ կþարտայայտուին շատեր, Համազգայինի կողմէ ներկայացուած այս ելոյթը փաստ մըն է, որ Գամիշլիահայ ծնողները իրենց զաւակներուն մասնակցութեամբ գիտեն գնահատել արժէք ներկայացնող մշակութային որեւէ նախաձեռնութիւն: Այսօր ծնողները, ազգայինները եւ բոլոր հանդիսատեսները մեծ բաւարարութեամբ ոգեշնչող պահ մը ապրելով պիտի հեռանան սրահէն: Մեծապէս կը գնահատեմ բոլոր աշխատողները, եւ երախտագիտական զգացումներով կրկնակի կը շնորհաւորեմ «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը եւ անոր հովանի՝ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, որ անսակարկ նուիրումով կը կազմակերպէ եւ կը պահէ «Վանայ» պարախումբը: Այս գիշեր անոնք իրենց կարգախօսներով, պարերով ու երգերով ապացուցեցին իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը հանդէպ Հայաստանի Սուրբ հողին: Բարի երթ համազգայինին ու «Վանայ» պարախումբին:
Առաջնորդ Հայր Սուրբին «Պահպանիչ»ով ու օրհնութեամբ վերջ գտաւ օրուան յայտագիրը: Աննախընթաց բացառիկ յաջողութեամբ կազմակերպուած պարարուեստի այդ երեկոյեան տպաւորութիւնը երկար ժամանակ թարմ պիտի մնայ ներկաներու մտքերուն ու հոգիներուն մէջ:
Արաքսի Արմենակեան