Կեդրոնական Վարչութիւն
Հաղորդագրութիւններ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ այսու կը յայտնէ, որ 7 Փետրուար 2015-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեծարեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը, անոր շնորհելով Համազգայինի շքանշանը եւ պատուոյ գիրը:
Մեծարեալը իր գրական վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ սփիւռքահայ մշակոյթին իր երկարատեւ ծառայութեամբ նպաստած է անոր հարստացման։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 20 Փետրուար 2015