
Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2017-ին, Լոս Անճելըսի «Ուիլշըր Իպէլ» ընդարձակ թատերասրահը 90 տոկոսով լեցուն էր որակաւոր հայ եւ ոչ-հայ արուեստասէրներով, որոնք հոն ժամանած էին լսելու համար հռչակաւոր զոյգը՝ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը եւ հայազգի երգիչ Անտրէն։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի եւ Պոլսահայ միութեան միացեալ ճիգերով:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ, Պոլսահայ միութեան անդամ Նուրհան Իշխանեան եւ նոյն յանձնախումբի անդամուհի, Համազգայիի Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Վիլմա Գույումճեան, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սոյն իւրայատուկ համերգին համար՝ նշելով, որ Սիպիլը եւ Անտրէն կը ներկայացնեն բանաստեղծական շունչով գրուած երգեր:
Պոլսահայ երաժշտասէրներուն կողմէ անհամբերութեամբ սպասուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Սրահին մէջ ստեղծուած էր ջերմեռանդ մթնոլորտ։ Սիպիլ ընտրած էր ճոխ երգացանկ մը. ծրագիրին գործադրութիւնը տեւեց աւելի քան երկու ժամ։ Ան իր զուլալ ձայնով դիւթեց ներկաները եւ այսպիսով ինքնաբերաբար վերահաստատեց նաեւ պոլսահայ եւ տարբեր համայնքներու կողմէ բաժնուած արժէքները։ Համերգը իր կատարողական բարձր արուեստով անկրկնելի նուէր մըն էր հայ երաժշտասէր հանրութեան: