Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Ծափահարութիւններ, յոտնկայս եւ երկար ծափահարութիւններ, նորէն ծափահարութիւններ, քանզի լիբանանահայ մշակութասէր հանդիսատեսը սքանչացած էր Պոլսոյ «Ս. Վարդանանց դպրաց դաս» երգչախումբի աննախընթաց ելոյթով: Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, իր աննախընթաց ելոյթը ունեցաւ Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ, խմբավարութեամբ` Ատրուշան սրկ. Հալաճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսի Գահվեճիօղլուի: