
Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը` «Պօղոս Սնապեանի մտերմութեամբ» խորագիրով, որուն բանախօսն էր դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան:
Ձեռնարկը սկսաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն մէջ գրականագէտ Պօղոս Սնապեան կը խօսէր իր եւ իր գրական գործունէութեան, գրական խոհերուն մասին:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Գոճայեան: Ապա Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ» եւ «Անտունի» երգերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանին:
Բեմ հրաւիրուեցաւ բանախօս դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան, որ յաջողեցաւ բոլոր ներկաները փոխադրել այնպիսի ոլորտ, ուր նոր կեանք շնորհուեցաւ արժէքաւոր անձի մը, որուն ստեղծագործութիւնները հայ ժողովուրդի դիմագիծը կը կազմեն: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան ըսաւ, թէ Պօղոս Սնապեանի գործին առաջին ծանօթացումէն 51 տարի ետք բախտ վիճակուած է իրեն ներկայացնելու Սնապեան մարդն ու ստեղծագործողը անոր ապրած քաղաքին մէջ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս առիթը տուին իրեն: