
Հայ անհատին համար օժանդակելն ու նպաստելը միշտ ալ եղած են սեփական ինքնութիւնն ու պատկանելութիւնը հիմնաւորող վարքագիծեր։
Տարիներ շարունակ, յատկապէս սփիւռքի մէջ, անհատական թէ հաւաքական ներդրումներ, ողջունելի արդիւնքներով մեծապէս սատարած են Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան։
Նմանօրինակ նպատակ հետապնդող իրագործում էր Հայ Կեդրոնի «Յ. Մանուկեան գրադարանէն ներս կայացած «Ջաւախքեան եւ Արցախեան երանգներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Կերպարուեստի յանձնախումբին։
Շուրջ 30 գեղանկարներէ բաղկացած ցուցահանդէսի թեման առաւելաբար Արցախի ու Ջաւախքի պարզ ու չքնաշ բնաշխարհն էր, ներկայացուած՝ երանգներու վառ ու ցայտուն համերաշխութեամբ։ Ջաւախքէն խումբ մը պատանիներ եւս, սկսնակ՝ սակայն խոստմնալից իրենց գործերով բաժին բերած էին ցուցահանդէսին, ներկայացնելով ստեղծագործութիւններ եւ դիմանկարներ (ջրաներկով եւ ածխամատիտով)։ Արցախէն մասնակցած էին արհեստավարժ եւ հանրածանօթ գեղանկարիչներ՝ Սամուէլ Թավատեան, Գայեանէ Շուշեցի եւ Յովիկ Գասպարեան, որոնց տաղանդին ու մասագիտացած աշխատանքին արգասիքն էին ներկայացուած իւղաներկ գեղանկարներու գեղեցիկ շարքը։
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 11, Նոյեմբեր, 2016-ի երեկոյեան։ Ներկայ էին «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Տօնապետեան, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Մեղեդի Էթիեմէզեան, մասնաճիւղի եւ յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, համազգայնականներ եւ արուեստասէրներ։
Բացումը կատարեց «Գլաձոր» մասնաճիւղի փոխ ատենապետ Արա Հասըրճեան, նշելով, որ Համազգայինը տարիներու ընթացքին յաճախ կազմակերպած է ցուցահանդէսներ, ներկայացնելով սփիւռքէն եւ հայրենիքէն մասնակցած արուեստագէտներու զանազան գործերը։ Ան յատկապէս շնորհակալական խօսք ուղղեց ընկ. Վրէժ Աւագեանին, որուն ջանքերով կարելի եղած էր իրականացնել գեղանկարներու տեղափոխման աշխատանքը, ապա կերպարուեստի յանձնախումբին հետ միատեղ կազմակերպել այս ցուցահանդէսը։
Ընկեր Արան աւելցուց, որ երեք օրերու վրայ երկարող այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է, որ թորոնթոհայ արուեստասէր գաղութը մօտէն առնչուի հայրենի արուեստին ու արուեստագէտին հետ, առաւե՛լ ամրացնելով Թորոնթոյէն մինչեւ հայրենիք երկարող օժանդակութեան ցանցը, նպաստելով Արցախի ու Ջաւախքի բարօրութեան։
Պէթթի Փանոսեան