
Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, Փարիզի Նոր Սերունդը եւ Համազգայինը կազմակերպած էին Ռոպէն Քուլաքսըզեանի «Լիթըլ Արմինիա» գիրքի ներկայացումը, որ ինքնին ճամբորդութիւն մըն է հայկական սփիւռքին մէջ։ Համբարձման տօնական օրը Հայ մշակոյթի տանը ներկայ էին մօտաւորպէս վաթսուն հոգի։
Երիտասարդ հեղինակը ֆրանսերէնով ներկայացուց իր աշխատանքը, որ արդիւնքն է տասը տարուան ճամբորդութիւններու ընթացքին քաղած տուեալներուն: Ան այցելած է 94 երկիրներ եւ 1000-է աւելի քաղաքներու մէջ փնտռած հայկական յատուկ կեդրոններ, ըլլան անոնք եկեղեցիներ կամ մշակոյթի կեդրոններ եւ ճաշարաններ։
Հեղինակը իր գիրքին մէջ հակիրճ ձեւով բացատրած է իւրաքանչիւր երկրի բաժնին մէջ, թէ հայերը ե՞րբ եւ ի՞նչ պարագաներու բերմամբ հոն հաստատուած են: Ճշդած է նաեւ հոն ապրող հայերու թիւը: Դասախօսը իր ներկայացումը աւելի հետաքրքրական դարձուց իր ցուցադրած պատկերներով եւ տեսերիզներով, ուր կրցանք տեսնել ոչ շատ ծանօթ շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Ռուսիոյ կամ Ափրիկէի խորերը հայկական եկեղեցիներ կամ ճաշարաններ։
Ռոպէն Քուլաքսըզեան իր գիրքի ներկայացման ընթացքին կրցաւ մեզի փոխանցել իր լաւատեսութիւնն ու աշխուժութիւնը եւ կրցաւ արթնցնել մեր մէջ հետաքրքրութիւնը այցելելու հայկական այդ կեդրոնները, երբ անցնինք այդ քաղաքներէն։