
Երբ կը մէկտեղուին գրական-երաժշտական յայտագիրները, մտերմիկ մթնոլորտն ու գրասէր հանրութիւնը սրահի մը մէջ, գոհունակութեան կողքին մեր հոգիները կը սնանին հայ մշակոյթի գոհարներով: Ոգեղէն մեր հարստութիւններն ալ իրենց դերը ունին հայերուս գոյութեան մէջ, մեզ կը դարձնեն իմաստուն, խաղաղասէր, մարդկային արժէքները փայփայող էակներ: Համազգայինն է կրկին, որ այս արժէքները բեմ հանելով մեզ կ’ուղղէ, մեր մէջ կը սրսկէ անոնց կենարար աւիշը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ.Մասիս Ս.Եպս Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին, 27 Մարտ 2021-ին «Սէրը Հայ Գրականութեան մէջ» խորագիրով գեղարուեստական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս:
Ճաշասրահի մթնոլորտը իր յարդարումով, հնչող մեղմիկ երաժշտութեամբ եւ մտերմիկ մարդոց հանդիպումով կարծէք ըլլար տարբեր աշխարհ մը, զոր կարօտցած էինք՝ համաճարակին բերումով զրկուած ըլլալով նման հաւաքներէ: Յարդարուած սեղանները՝ գինիի բաժակներով եւ պիստակեղէնով կը հրաւիրէին ներկաները իրենց շուրջ տեղաւորուելու: Իսկապէ՛ս ալ կարիքը ունէինք անջատուելու մեր առօրեայ դժուարութիւններէն ու մտահոգութիւններէն, հրամցուած քերթուածներով ու երգերով դեգերելու հայ գրականութեան ու երաժշտութեան սիրոյ պուրակներուն մէջ:
Համազգայինի նուագախումբին երաժշտական բացման կատարումէն ետք, օրուան բեմավարներ Սեւանայ Հալլաճեան եւ Ժիրայր Կարապետեան երեկոն բաց յայտարարեցին: Գրական սիրային հատընտիրներ Պարոյր Սեւակէն, Վահան Թէքէեանէն եւ Ալիսիա Կիրակոսեանէն ասմունքեցին Ռիթա Կաղեան- Տիքպիքեան, Սեւանայ Հալլաճեան, Վեհան Պարսումեան եւ Մելինէ Պեզճեան: Ներկաները քար լռութեամբ կը հետեւէին: Ասմունքողները կրցան հրաւիրեալներուն հոգիները համակել սիրոյ եւ երջանկութեան զգացումներով, հայերէնի հնչեղ բառերով ոստոստելով սիրտէ-սիրտ, հոգիէ-հոգի: