
Համագործակցութեամբ Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին եւ «Ազդակ» օրաթերթին, Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ բանաստեղծ Նիկողայոս Սարաֆեանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի ատենապետ Ժագ Յակոբեան իր արտասանած բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ կը խօսուի հայոց լեզուի արեւմտահայ ճիւղի նահանջին մասին, ակնարկութիւններ կը կատարուին անոր` մեռնող լեզուներու ճամբուն վրայ գտնուելու երեւոյթին, տարուէ-տարի աւելի կը նուազի արեւմտահայերէնով գեղարուեստական գրականութիւն մշակողներուն թիւը, մեր սփիւռքեան կրթական համակարգին մէջ եւ ընդհանրապէս հետզհետէ աւելի եւս կը զգացուին այս նահանջին աւերները` ըլլայ անիկա երգով թէ առանց երգի, աւելցնելով, որ սփիւռքեան պայմաններուն բերմամբ պարզուող այս պատկերը դժբախտաբար կ՛ընթանայ զուգահեռ ներազգային առումով ոչ բարւոք վիճակին: