
Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» եւ «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել» գիրքերուն շնորհահանդէսը` «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ:
Ձեռնարկը սկսաւ ցուցադրութեամբը ժապաւէնի մը, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ազգային հասարակական գործիչ Վահան Յովհաննիսեան կը խօսէր «Մանտիլիոն» գիրքի նախաձեռնութեան մասին:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ «Ազդակ»-ի կողմէ խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծապէս զգալի է Վահան Յովհաննիսեանի բացակայութիւնը: Հայութիւնը կը շարունակէ հպարտ զգալ անոր քաղաքական գործիչի յախուռն ու անկեղծ կեցուածքով, անոր գաղափարական մարդու հզօրութեամբ եւ մտածումներով, որոնք պիտի շարունակեն լուսաւորել հայ հաւաքական կեանքը: Խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան ներկայացուց հայրենի հիւրերն ու հրաւիրեց զանոնք յաջորդաբար ելոյթ ունենալու:
Ելոյթ ունեցաւ «Մանտիլիոն» վէպի թարգմանիչ Կարինէ Աշուղեան: Ան ըսաւ, թէ «Մանտիլիոն»-ը համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ հայ ազգի տեղի եւ նշանակութեան արժանի գնահատման խնդիր կը հետապնդէ: Վէպի գլխաւոր պատումը կառուցուած է քերթողահայր Մովսէս Խորենացիի կողմէ աւանդուած Եդեսիոյ Աբգար թագաւորի Յիսուսին գրուած նամակի, Տիրոջ պատասխան նամակի եւ Դաստարակի, արեւելամիջերկրածովեան երկիրներու անցեալի, ապա մինչեւ մեր ժամանակները ձգուող իրադարձութիւններուն շուրջ: