
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացումը կատարուեցաւ Վահէ Պարսումեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ եւ օտար արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու:
Բարի գալուստի խօսքը ֆրանսերէնով փոխանցեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ Լոլա Պէօյիւքեան: Ապա արուեստագէտը հայերէնով ներկայացուց ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեանը: Ան յայտնեց, որ արուեստագէտ Վահէ Պարսումեան ծնած է Լիբանան, սակայն իր ստեղծագործական կեանքը շարունակած է Եւրոպայի մէջ եւ հետեւած նկարչական միջազգային զանազան դպրոցներու ու ոճերու: Տէրտէրեան աւելցուց, որ Պարսումեան արուեստագէտ ըլլալու կողքին նաեւ արուեստի պատմութեան հմուտ անձնաւորութիւն մըն է եւ այս իմաստով ունի իր վաւերական տեսակէտները: Ան նշեց, թէ Պարսումեան մտաւորական արուեստագէտ մըն է, եւ անոր խօսքը ունի կշիռ ու հմայք:
Բացման հանդիսութեան վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Վահէ Պարսումեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի տնօրէնութեան, որ առիթ ընձեռեց իրեն երկար տարիներու բացակայութենէ ետք Լիբանանի մէջ կայացնել իր այս ցուցահանդէսը` մաղթելով բարի վայելում բոլորին:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 Հոկտեմբեր` ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30: