
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ գործակցութեամբ «Լիպենիզ Քենետիըն» դրամատան, Շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ ու միջազգային հռչակ վայելող դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանի նուագահանդէսը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Փիթըր Տորմեն, Աւստրիոյ դեսպան Էվա Մարիա Զիկլեր, Յունաստանի դեսպան Փանոս Քարոկելոփուլոս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, համազգայնականներ ու մեծաթիւ արուեստասէրներ:
Յայտագիրի առաջին բաժինով Վարդան Մամիկոնեան նուագեց Պախի եւ Պրամզի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ: Իսկ երկրորդ բաժինով ան նուագեց Չայքովսքիէն, Պապաճանեանէն եւ Լիստէն կտորներ: Պապաճանեանի երաժշտական երեք ստեղծագործութիւններն էին «Էլեկի»ն, «Վաղարշապատի պար»ը եւ «Բանաստեղծութիւն»ը:
Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ֆրանսաբնակ արուեստագէտը արժանացաւ ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին: